image

Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն եպս. Միրզախանեան պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն

Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն  եպս. Միրզախանեան պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն

Վրաստանի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը սեփական ցանկութեամբ կը լքէ զբաղցուցած պաշտօնը: Այս մասին, ինչպէս կը գրէ Jnews.ge-ն, ան յայտարարած է Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական նորանշանակ փոխանորդի ներկայացման ժամանակ:

«Ուզում եմ պաշտօնապէս յայտնել, որ վերադառնալու եմ Հայաստան եւ իմ հոգեւոր ծառայութիւնը Էջմիածնում շարունակելու: Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել եւ ասել՝ սա պաշտօնապէս իմ վերջին այցն է Սամցխէ-Ջաւախք եւ մօտ ժամանակներում Վիրահայոց թեմը նոր առաջնորդ կ'ունենայ»,- յայտարարած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանը:

Թեմակալ առաջնորդը Սամցխէ-Ջաւախքի փոխանորդի նշանակումը կը համարէ իր 17 տարիներու աշխատանքի կարեւորագոյն դրուագներէն մէկը: Ան իր հոգեւոր ծառայութիւնը Վիրահայոց թեմին մէջ արգասաբեր կը գնահատէ:

 

Ամբողջութեամբ՝ սկզբնաղբիւր լրատուամիջոցէն: