image

ՆԱԹՕ-Թուրքիա յարաբերութիւնները դէպի վատթարացո՞ւմ

ՆԱԹՕ-Թուրքիա յարաբերութիւնները դէպի վատթարացո՞ւմ

Թուրքիոյ կողմէ ռուսական Ս-400 համակարգերու գնման հետ կապուած հակամարտութիւնը կը սպառնայ պառակտել ՆԱԹՕ-ն՝ կը յայտնէ դաշինքի առաջատար դիւանագետներէն մէկը: Այս մասին կը գրէ Washington Examiner-ը։

«Սա ինձ կ'անհանգստացնէ»,- յայտարարած է Լիթվայի արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինկիաւիչիւսը՝ յաւելելով․ «Կարեւոր դաշնակից կորսնցնելը յաջողութիւն չէ։ Անկասկած, այն տապալում է»:

Դիւանագէտները հազուադէպ բաց կը խօսին Թուրքիոյ ու Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի «ամուսնալուծութեան» մասին, սակայն այս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕ-ի 70-ամեայ յոբելեանին նուիրուած գագաթաժողովը նուիրուած եղած է Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի փոխադարձ մեղադրանքներուն։ Տարաձայնութիւնները կը վերաբերին ռուսական սպառազինութիւններու մասին համաձայնագրին, որոնք, ինչպէս համոզուած են արեւմտեան տէրութիւնները, Ռուսաստանին ՆԱԹՕ-ի ռազմական համակարգերու մասին արժէքաւոր տեղեկատւութիւն կու տան, ինչը կրնայ աշխարհաքաղաքական հետեւանքներ ունենալ։

ՆԱԹՕ-ի որեւէ անդամ երբեք դուրս չէ եկած դաշինքէն։ ՆԱԹՕ-ին 1952թ․ միացած Թուրքիոյ պատճառով պառակտումը յատուկ նշանակութիւն պիտի ունենայ։ Մէկ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեայ ըսած է, որ ՆԱԹՕ-ի անդամները դեռ Թուրքիայէն պաշտօնապէս բաժնուելու մասին չեն խօսիր:

Անգարան եւ Ուաշինկթընը յայտնուած են փակուղիի առաջ։ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը կը պնդէ, որ ինքը պիտի չհրաժարի Ս-400 համակարգերու շուրջ գործարքէն։ ԱՄՆ նախագահ Թրամբի վարչակազմը կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ F-35 կործանիչնե պիտի չմատակարարէ, եթէ վաճառքը տեղի ունենայ, քանի որ այդ Ռուսաստանին թոյլ կու տայ հեշտութեամբ հետեւիլ անտեսանելի կործանիչներուն։ ԱՄՆ-ը Թուրքիոյ նաեւ պատժամիջոցներով կը սպառնայ։

Լինկիաւիչիւսի խօսքերով, եթէ Ս-400-ներու վաճառքը կայանայ, ՆԱԹՕ-ին «մեծ վնաս» կը հասցուի։