image

Պէյրութի մէջ բողոքի ցոյցեր կրնան ըլլալ. Պատճա՞ռը

Պէյրութի մէջ բողոքի ցոյցեր կրնան ըլլալ. Պատճա՞ռը

Լիբանանի քաղաքական մէկէ աւելի գործիչներ սկսած են խօսիլ երկրի, յատկապէս, հանրային ոլորտի ծառայութեան աշխատակիցներու ամսական վճարներու նուազեցման մասին:

Այս մասին յատկապէս կը գրէ «Ալ-Ախպար» պարբերականը, նշելով, որ նման առաջարկի մը գլխաւոր պաշտպանը կը հանդիսանայ երկրի ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որ անցնող օրերուն այս թեմայով կարեւոր խօսակցութիւն ունեցած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Կը նշուի նաեւ, որ լիբանանցի քաղաքական գործիչները ճարահատեալ, ստիպուած են դիմել նման միջոցներու, հաւասարակշռելու համար երկրի պիւտճէն, ինչպէս նաեւ շունչ տալու՝ տնտեսական իրավիճակին ու նաեւ բարելաւելու կառավարութեան ելեւմուտքի ընդհանուր պատկերը:

Իրենց կարգին լրատուական աղբիւրներ կը նշեն, որ նման կարգադրութիւն մը եթէ ուղղուած ըլլայ հանրային ոլորտի աշխատակիցներուն, ապա չի բացառուիր, որ Պէյրութի մէջ ընթացք առնեն բողոքի ցոյցեր: