image
Հրատապ լուրեր:

«Մեզի տակաւին դժուար օրեր կը սպասեն» Յակոբ Նալպանտ

«Մեզի  տակաւին դժուար օրեր կը սպասեն» Յակոբ Նալպանտ

Սուրիոյ մէջ  այս օրերուն  առկայ   վառելանիւթի սուր  տագնապը հետեւանք  է ամերիկեան ծրագրի  ձախողման։  Այդ մասին «Արեւելք»ին յայտնեց հալէպահայ հրապարակախօս, Յակոբ Նալպանտ (Տլտլեան), ընդգծելով, որ իր համոզմամբ, այսպիսով Թրամբ  կը փորձէ, Սուրիոյ բազմաչարչար ժողովուրդէն վրէժ  լուծել:

«Մենք արդէն տագնապի ոտնաձայները կը լսէինք շրջանէ մը, մօտաւորապէս մէկուկէս ամիսէ ի վեր արդէն նուազած էր պենզինի քանակը, բայց այս վերջին մէկ շաբաթը շատ սրուեցաւ տագնապը»,- յայտնեց Նալպանտ:

 

Անդրադառնալով Սուրիոյ մեծ քաղաքներուն՝ Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին, Նալպանտ նշեց. «Չէք պատկերացներ, Սուրիոյ մեծ քաղաքներուն մէջ հսկայ կուտակումներ կան լցակայաններուն շուրջ: Փողոցները համարեայ դատարկ են, հազուագիւտ ինքնաշարժեր կը տեսնենք: Քաղաքին մէջ տեղափոխութիւնը խստօրէն դժուարացած է»:

Ինչ կը  վերաբերի տագնապի լուծման համար կառավարութեան ձեռնարկած կարգադրութիւններուն, Նալպանտ ըսաւ, որ այժմ անցած են տալոնային դրութեան (պոն), որուն միջոցաւ պետութիւնը հինգ օրը մէկ քսան լիթր պենզին կը յատկացնէ իւրաքանչիւր ինքնաշարժի: Սակայն, յաճախ գոյացած հսկայ հերթերուն պատճառով այդ չափաբաժինն ալ հնարաւոր չըլլար ստանալ։  «Մեծ բարեբախտութիւն է, եթէ կարենաս այդ քսան լիթրը, հերթի կենալով , ձեռք ձգել»,-նկատել  տուաւ   Նալպանտ, յիշեցնելով, որ  «Սուրիոյ ժողովուրդը անցեալ ձմեռը առանց մազոթի, առանց ջեrուցման անցուց եւ ատոր մասին ոչ ոք խօսեցաւ»։ Անդրադառնալով վառելանիւթի տագնապին,  ան աւելցուց. «Հիմա կրնանք ըեսլ, որ մազոթի հարցը եւս խիստ է, քաղաքը ընդհանրապէս մազոթ չկայ: Մարդոց համար, պատկերացուցէք, նոյնիսկ լոգանք ստանալը  խնդիր  դարձած է եւ  կենցաղային պէտքերը հոգալու խնդիրներ կան»:

Նալպանտ միաժամանակ հաղորդեց, որ տագնապային դրութենէ դուրս եկած են ջուրը, կազը եւ ելեկտրական հոսանքը: «Կազի խնդիրը ձեւով մը լուծուած է: Հիմա կազը նոյնպէս տալոնային դրութեամբ (պոն)  կը տրուի, 22 օրը մէկ, 25 քիլոյանոց կազային  տակառներ (պալոն)  կը յատկացուին իւրաքանչիւր ընտանիքի»,- ըսաւ ան:

Ինչ կը վերաբերի ելեկտրական հոսանքին, ան ըսաւ. «Բարեբախտաբար հիմա  հոսանք կայ, ժողովուրդը իր կենցաղային կարիքները հոգելու հարցերը ձեւով մը հոսանքի ճամբով կը լուծէ»:

«Բարին Աստուծմէ ըսենք: Բայց իմ կարծիքով մեզի   տակաւին դժուար օրեր կը սպասեն»,- եզրափակեց մեր զրուցակիցը: