image

108 տարեկան Եպրաքսիա Տատը Ծիծեռնակաբերդ այցելեց յարգելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

108  տարեկան Եպրաքսիա Տատը Ծիծեռնակաբերդ այցելեց յարգելով Ցեղասպանութեան  զոհերու  յիշատակը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած, Կարսէն գաղթած Եպրաքսիա Գէորգեանին` Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ ծաղիկներ խոնարհելու ցանկութիւնը իրականացաւ:

Եպրաքսիա տատիկին հարազատները Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամէն նախապէս անցագիր ստացած էին, որ Եպրաքսիա տատիկին կարենան մեքենայով հասցնել մինչ յուշահամալիր, ապա սայլակով ուղեկցիլ անոր:

Ծաղիկներ խոնարհելէն ետք տատիկը խօսեցաւ նաեւ լրագրողներու հետ, պատմեց, թէ ինչպէս գաղթած է։  «Կարսէն գաղթած ենք Օշական, յետոյ  Աշտարակ, Եղուարդ, սակայն մարդոց համար  այնտեղ արդէն տեղ չկար: Յետոյ գացինք Գիւմրի: Այնտեղ հանդիպեցանք Ասքանազ Մռաւեանին (եղած է ԽՍՀՄ Կեդրոնական Գործադիր Կոմիտէի անդամ, յեղափոխական, պետական գործիչ,խմբ.), որ մեզ տարաւ երկու յարկանի տուն մը: Ան մեզի ըսաւ` մտէք այստեղ, եոլա գացէք, մինչեւ տեսնենք, ինչ կ՛ըլլայ»,  պատմեց տատիկը:

Թէեւ Եպրաքսիան ֆիզիկապէս չկրցաւ շարունակել պատմութիւնը, սակայն պատմելու շատ բան ունէր:

Անձնագիրին մէջ  անոր ծննդեան թուականը նշուած է 1914, սակայն ինչպէս անոր  թոռը կը նշէ` տատիկը աւելի առաջ ծնած է եւ վերջերս նշած է իր 108-ամեակը: