image

Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ Արցախի անկախութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ Արցախի անկախութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգի ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը, ուր առանձին կէտով ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը:

Այս մասին տեղեկացուցած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սիմոն Մաղաքեան:

Բանաձեւին մէջ, որ Tert.am-ին տրամադրած է Սիմոն Մաղաքեանը, մասնաւորապէս ըսուած է.

«Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր անպատժելիութեան շարունակական հետեւանքները կը ներառէ Հայաստանի քոյր պետութեան՝ դէպի ծով ելք չունեցող Արցախի Հանրապետութեան թուրք-ատրպէյճանական շրջափակումը:

Մինչդեռ, Թուրքիոյ՝ Հայոց ցեղասպանութեան անպատիժ ժխտումը եւ հայոց սրբատեղիներու շարունակական պղծումը առանց պատասխանատւութեան ենթարկուելու յանգեցուցած են վերջերս տեղի ունեցած աննախադէպ մշակութային ցեղասպանութեան՝ հայ քրիստոնէական ժառանգութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի ենթակայութեան տակ գտնուող Նախիջեւանի մէջ, ուր 1997-2006 թուականներուն Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ջնջած է տարածաշրջանի հայկական անցեալի իւրաքանչիւր հետք, որ կը ներառէր 90 եկեղեցի, 6000 խաչքար, այդ շարքին՝ Ջուղայի յայտնի խաչքարերը, որոնցմէ մէկուն կրկնօրինակը 2015-ին տեղադրուած է Քոլորատոյի նահանգի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր-այգիին մէջ»: