image

«Նախ Թուրքիան». Ամերիկայի Հայ Դատի մարմինը քննադատեց Թրամբի «ուղերձ»ը

«Նախ Թուրքիան». Ամերիկայի Հայ Դատի մարմինը քննադատեց Թրամբի «ուղերձ»ը

ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը (ANCA) անդրադարձել է նախագահ Տանըլտ Թրամբի այս տարուան ապրիլքսանչորսեան ուղերձին, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը կրկին խուսափած է «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրառումէն՝ փոխարէնը օգտագործելով «Մեծ Եղեռն» արտայայտութիւնը:

ANCA-ն ընդգծած է, որ արդէն երրորդ տարին անընդմէջ Թրամնը յաւուր պատշաճի չի դատապարտեր Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ցեղասպանութիւնը:

«Այս քաղաքականութիւնը սկզբնաւորուած է Անգարայի մէջ՝ թուրք բռնապետերու կողմէ, իսկ յետոյ ամերիկեան նախագահները այն կիրառած են Ուաշինկթընի մէջ»,-ըսած է ANCA-ի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:

Ան ընդգծած է, որ «նախ Ամերիկան» խոստումը տուած Թրամբը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ կ'առաջնորդուի «նախ Թուրքիան» սկզբունքով:


«Խոստանալով պայքարիլ քրիստոնեաներու նկատմամբ բռնաճնշումներուն դէմ՝ Թրամբ աջակցեցաւ օտարերկրեայ ռեժիմին՝ փոխանակ ազնուօրէն ոգեկոչէր մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող յանցագործութեան յիշատակը: Ան խոստացած էր վերականգնել Միացեալ Նահանգներու՝ առաջնորդի դերը, սակայն փոխարէնը օտարերկրեայ բռնապետութեան զիջեցաւ ամերիկեան բարոյական արժէքները: Այժմ մենք մեր հայեացքը կ'ուղղենք Քոնկրէսին՝ յոյս ունենալով, որ այն կը ցուցաբերէ այն առաջնորդութիւնը, ինչը չկարողացաւ ընել Սպիտակ տունը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: