Աւստրալիա լոյս տեսնող The Australian-ը օրերս ուշագրաւ նիւթ հրապարակած է Վենետիկի Սուրբ Ղազարի մասին, զայն կոչելով «հայկական կղզի»։
Թերթը նաեւ կարեւոր տուեալներ ներկայացուցած է Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիին մասին՝ նշելով, որ ան կարեւոր դեր ունեցած է հայ մշակոյթի տարածման առաքելութեան մէջ։
Պարբերականի ուշադրութիւնէն չէ վրիպած բրիտանացի գրող Ճօրճ Պայրընի ունեցած կապը «հայկական կղզի»ին հետ, յիշատակելով, որ գրողը մեծ սէր ունեցած է «խորհրդաւոր» կղզիին հետ, ուր եւ փութացած էր, ու ապահով զգալով, հայերէն լեզուի դասաւանդութիւններուն հետեւած։
Յիշեցնենք, որ Մխիթարեան Միաբանութիւնն ու ինքը՝ Մխիթար Աբբահայրը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են այն փուլին (1700-ականներ), երբ հայութիւնը կ՚ապրէր ինքնութեան մեծ տագնապ ու Մխիթարեան հայրերը, շնորհիւ իրենց աշխատասիրութեան ու կորովին, կարողացան ոսկեայ օղակ դառնալ, մէկ կողմէ ՝ Օսմանեան կայսրութեան ճնշումներուն տակ ապրող պոլսահայ հատուածներուն եւ միւս կողմէ՝ Արեւմտահայաստանի գաւառակներուն ուսման եւ լուսաւորութեան ծարաւ ապրող հայութեան միջեւ։