image
Հրատապ լուրեր:

«Ինչո՞ւ որոշեցի Հալէպ մնալ ու Հալէպի մէջ ծառայել». Յակոբ Յակոբեան՝ իր որոշումին եւ փորձառութեան մասին

«Ինչո՞ւ որոշեցի Հալէպ մնալ ու Հալէպի մէջ ծառայել». Յակոբ  Յակոբեան՝ իր որոշումին եւ փորձառութեան մասին

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Հալէպի Հայ հոգեւոր եղբայրակցութեան երիտասարդաց բաժնի պատասխանատու Յակոբ Յակոբեանը:

 

-Գիտեք, որ երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէք  Հալէպի    հայ հոգեւոր եղբայրակցութեան,  ի՞նչ է ձեր միութեան նպատակը, ե՞րբ հիմնուած է միութիւնը եւ ի՞նչ պայմաններու տակ:


Ես կը ծառայեմ Հայ Առաքելական հոգեւոր եղբայրակցութեան, որուն նպատակն է մեր ազգակիցները առաջնորդել դէպի Աստուած եւ եկեղեցի՝  նպատակ  ունենալով մեր  ազգակիցները  տանիլ դէպի Տէր Յիսուսը, որպէսզի  բոլորն ալ ժառանգեն յաւիտենական կեանքը։

Նախ նշեմ, որ մեր եկեղեցւոյ մօտիկ գործող եղբայրակցութիւններու արմատները կ՚երթան մինչեւ  14-րդ դար, իսկ մեր եղբայրակցութիւնը հիմնուած է 1965-ին։ Ներկայիս  Հալէպի մեր եղբայրակցութիւնը  իր  հանդիպումները  կը կայացնէ Ազգային առաջնորդարանին  պատկանող սրահի  մը մէջ։  Յատկանշական է, որ մեր գտնուած շէնքին  սրահի կառուցման ժամանակ սրբազան հայրը (նկատի   ունի Բերիոյ թեմի  նախկին առաջնորդ Տ. Շահան արք. Սարգիսեանը-«Արեւելք») անձամբ եկած եւ հիմնաքարը դրած է եղբայրակցութեան սրահին եւ պետականօրէն ալ, այս եղբայրակցութիւնը կը գործէ Ազգային առաջնորդարանի անուան տակ:

Եղբայրակցութիւնը   ներկայիս կը  հաշուէ  շուրջ  500 անդամ  եւ  ունինք նաեւ Երիտասարդացի բաժին, ուր կը յաճախեն  շուրջ  80 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։

 

Մեր գործունէութեան մաս կը կազմեն եկեղեցի յաճախելը, առաւօտեան պատարագներուն ներկայ ըլլալը, իսկ կէսօրէ ետք եղբայրակցութիւն կը յաճախենք սուրբ գիրքը կարդալու, սերտելու, հոգեւոր երգեր, շարականներ երգելու,  պատկերաւոր ասած՝ Յիսուսի սէրը ճաշակելու եւ Աստուծոյ հետ մտերմիկ  ժամանակ անցընելու:

Յատկապէս Երիտասարդացի մէջ մեր նպատակն է օգնել հայ քրիստոնեայ երիտասարդին, քաջալերել զինք Աստուծոյ մօտ կեանք մը ապրելու: Երիտասարդացի մէջ մեր աշխատանքը կը ծաւալենք երեք հիմնական ուղղութիւններով, նախ՝ կը քաջալերենք կամ կը խրատենք երիտասարդը հոգեւոր բաժնին մէջ, Աստուծոյ մօտենալու,  մաքուր  կեանք մը  ապրելու առումով։ Նաեւ կը քաջալերենք զինք հոգեբանական  առումով, որովհետեւ մարդ արարածը կը բաղկանայ մարմինէ, հոգիէ եւ շունչէ, ուրեմն հոգին կ'առաջնորդենք եւ շունչի բաժնին մէջ հոգեբանական նիւթերու շուրջ կ'աշխատինք, եւ վերջապէս անոնց օգտակար կը դառնանք նաեւ ֆիզիքականօրէն, ընկերային աշխատանքներ ընելով, այսինքն բոլոր մարզերուն մէջ կը փորձենք երիտասարդին օգտակար դառնալ, որպէսզի միշտ երիտասարդը աշխուժ պահենք եւ մօտ պահենք ամէնէն առաջ եւ ամենակարեւորը՝ Աստուծոյ:

 

-Ինչպիսի՞ն էր ձեր միութեան վիճակը պատերազմէն առաջ եւ ինչպիսի՞ն է այսօր եւ ինչպիսի՞ն է ընդհանուր հալէպահայութեան վիճակը՝  7-8  տարուան պատերազմէն ետք:


Մեր եղբայրակցութիւնը պատերազմի շրջանին ամենաթէժ օրերուն կարճ շրջանի մը համար դադար առաւ, բայց ետքը  իր բնականոն գործունէութիւնը շարունակեց: Վերը նշած գործունէութիւններէն բացի, զանազան յայտագիրներ կ'ունենանք նաեւ եղբայրակցութենէն դուրս, ինչպէս պատերազմէն առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ  ներկայիս եւս։ Այդ  նախաձեռնութիւններէն յիշեմ շաբաթներ առաջ Եսայեան սրահին մէջ  տեղի  ունեցած  միջոցառումը՝ «Յեղաշրջող հանդիպումը» խորագրով, որ կը պարունակէր գեղարուեստական յայտագիր եւ օրուան պատգամ։ Ձեռնարկը եղաւ սրբազան հօր հովանաւորութեամբ եւ    քահանայ  հայրերու ներկայութեամբ։   

Ինչ կը վերաբերի հալէպահայութեան վիճակին, այս 7-8 տարի տեւած պատերազմէն ետք գաղութի թիւը բաւականին նուազած է,  բան մը,   որ   կը նշմարուի դպրոցներու աշակերտութեան թիւէն։ Ներկայիս Հալէպ մնացած հայերը հաւատքով լեցուն են,  ճիշդ է, որ ժողովուրդին մէջ յուսահատութիւն մը կայ, յատկապէս քաղաքին մէջ տնտեսական վատ վիճակի պատճառով, սակայն մենք յոյս ունինք, որ մեր  քաղաքին  վիճակը  աւելի պիտի լաւանայ եւ պիտի բարգաւաճի։  Ի վերջոյ   մենք  հաւատացեալ ենք   ու կը հաւատանք, որ տէրը կարող է փոխարինել այն տարիները, որ մարախը կերաւ, մենք այս հաւատքը ունինք, այս վստահութիւնը ունինք: Կային դժուարութիւններ, բայց այնպէս չէ, որ բոլոր անոնք որոնք Հալէպ մնացին, անպայման պատուհասներու եւ դժուար, անյոյս վիճակներու մատնուեցան... ո՛չ, մենք վայելեցինք տիրոջ օրհնութիւնը, տիրոջ ձեռքը, մանաւանդ եղբայրակցութեան վրայ, եւ իսկապէս, ուղղակիօրէն փորձառաբար տեսանք այդ մէկը, ոչ թէ միայն որպէս խօսք։

Մենք օժանդակեցինք հալէպահայութեան այդ դժուար ժամանակներուն: Պատերազմի ընթացքին եւ կրնամ ըսել մինչեւ օրս,  կը շարունակենք  նեցուկ կանգնիլ հալէպահայութեանը։ Բարոյական, Աստուածաշնչեան  խօսքէն  բացի, մենք  կարողացանք   նիւթական  օժանդակութիւն ալ  ցոյց տալ։ Անշուշտ մեր տուած օժանդակութիւնը այդքան ալ մեծ չէր՝ նկատի առնելով հալէպահութեան ապրած տագնապներն ու   մեծ  կարիքները։

 

-Հալէպահայ համայնքը ինչպէ՞ս կը մօտենայ ձեզի, ի՞նչ կարծիք ունի ձեր ընդհանուր առաքելութեան մասին: Արդեօ՞ք կը զգուշանան ձեզմէ: 


Այստեղ կարճ-կտրուկ կրնամ պատասխանել եւ ըսել հետեւեալը՝ չնայած որ մենք տասնեակ տարիներէ եւ մինչեւ   օրս  կը վայելենք  Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութիւնը, եւ շատ  սերտ  գործակցութեան  մէջ ենք Ազգային Առաջնորդարանին, շատեր, քանի որ անձամբ չեն ճանչնար  եղբայրակցութիւնը եւ տեղեակ չեն մեր սրբազան հօր հովանաւորութենէն, վերապահ  են  մեր հանդէպ։  Հետեւաբար, կրնայ ըլլալ կարիքը կայ աւելի լաւ ճանչնալու՝ ի՞նչ է եղբայրակցութիւնը, ո՞վ  ենք մենք եւ ետքը կ'ողմնորոշուիլ՝ վերապահ ըլլա՞լ, թէ՞ մօտենալ: Բայց շատեր, ցաւօք սրտի, առանց գիտնալու վերապահ կ'ըլլան: Այս մէկը կը նմանի այն պարագային, երբ մէկը գիրք մը տեսնելով, անմիջապէս իր կարծիքը կու տայ, առանց կարդալու եւ տեսնելու՝ ի՛նչ է անոր պարունակութիւնը: Բայց անշուշտ այս մէկը մեր աշխատանքը, մեր ուժը, մեր թափը չի կասեցներ։ Մենք մեր առջեւ մէկ նպատակ ունինք՝ մարդոց հասնիլ, մարդոց օգտակար դառնալ, հալէպահայութեան օգտակար դառնալ, հայուն օգտակար դառնալ եւ ճանչըցնել տէր Յիսուսը, որպէս իրենց  տէր եւ փրկիչ, որպէսզի ունենան յաւիտենական կեանք:

 

-Դուք, որպէս հայ երիտասարդ մը, որ ընտանիք ունի, ապագային մտադի՞ր էք Հալէպ ապրիլ:  


Եթէ անկեղծ պիտի խօսիմ, պատերազմի ընթացքին ես մտադիր էի վերջնականօրէն գաղթել։ Նոյնիսկ փաստաթուղթերս պատրաստած էի Գանատայի առնչութեամբ, բայց զգացի, որ տիրոջ կամքը այդ մէկը չէր, տիրոջ առաջնորդութիւնը այդ մէկը չէր իմ անձիս պարագային, հետեւաբար որոշեցի Հալէպ մնալ եւ Հալէպի մէջ ծառայել։ Պատերազմի այդ դժուար օրերուն, հաւատալով, որ երբ որ տէրը քեզի բան մը կ'ըսէ, կամ բանի մը կ'առաջնորդէ, ինք հոգ պիտի տանի, ինք պիտի օրհնէ, ես այդ համոզումը ունիմ եւ կը հաւատամ, որ նոյնիսկ դժուարութեան մէջ, կրակին մէջ, երբ որ տէրը քեզի հետ է, տիրոջ օրհնութիւնները կրնաս վայելել: Հակառակ,  անոր որ եթէ հեռանայի, կրնայ ըլլալ հանգստաւէտ պայմաններու մէջ  ապրէի, բայց եթէ տիրոջ կամքին մէջ չըլլայի, կը հաւատամ, որ այնտեղ  գտնուած   վայրիս մէջ  անխաղաղ եւ անուրախ կեանք մը պիտի անցընէի: Հետեւաբար, ինծի համար առաջնահերթութիւնը տիրոջ կամքն է, տիրոջ առաջնորդութիւնն է, մանաւանդ որ ես իր դաշտին մէջ կը ծառայեմ եւ այդպիսով ծրագրեցի Հալէպ մնալ, հակառակ  բոլոր դժուարութիւններուն   եւ մինչեւ  օրս  ալ Հալէպ եմ եւ տիրոջ օրհնութիւնները կը վայելեմ։ Ի վերջոյ   կը հաւատամ, որ  տէրը ինծի հետ է, եւ ներկայիս մտադիր եմ մնալ Հալէպ, մինչեւ այդ ատեն, որ ես իր   համար կը ծառայեմ։

Անշուշտ ես չեմ այպաներ այն երիտասարդները, որոնք կը մտածեն Հալէպէն հեռանալ, բայց կը հաւատամ, որ օր մը վիճակը աւելի պիտի լաւանայ, ինչպէս որ հիմա արդէն կը նշմարենք,  որ տարբեր ոլորտներու մէջ  կամաց-կամաց եղած բարելաւումներ  կ՚արձանագրուին։

 

-Կը կարծէ՞ք որ պատերազմէն ետք Հալէպ պիտի կարողանա՞յ իր անցեալի փառքը կերտել:


Կը հաւատամ, որ օր մը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ մեր վիճակը, Հալէպի  վիճակը։ Ի վերջոյ պատերազմը վերջնականօրէն պիտի աւարտի եւ երկիրը պիտի ըլլայ շատ աւելի խաղաղ եւ օրհնութիւններով լի  երկիր մը։  Պիտի   վայելենք օրհնութիւնը այս քաղաքին, կրնայ ըլլալ տակաւին ժամանակի կը կարօտի այս բոլորը, բայց յոյսով ենք ու  հաւատքով ենք, որ   շուտով այն պիտի դառնայ իրականութիւն։