image
Հրատապ լուրեր:

Լոս Անճելոսի մէջ հակաթրքական նոր օրինագիծ կը մշակուի

Լոս Անճելոսի մէջ հակաթրքական նոր օրինագիծ կը մշակուի

Լոս Անճելոսի Խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեանը օրինագիծ ներկայացուցած է, որ կ'արգիլէ Թուրքիա ներդրումները:

Փաստաթուղթը կ'առաջարկէ կենսաթոշակային հիմնադրամին արգիլել նոր ներդրումներ կատարել Թուրքիոյ մէջ եւ դադրեցնել արդէն գոյութիւն ունեցող ներդումները, կը հաղորդէ Los Angeles Daily News-ը:

Օրինագիծի հեղինակն է Քալիֆորնիոյ Ասապլէայի անդամ Ատրին Նազարեանը: Անցած ամիս օրինագիծը հաւանութիւն ստացած էր Ասամպլէայի կողմէն՝ հակառակ կենսաթոշակային հիմնադրամներու դժգոհութեան:

Գրիգորեանն ու Նազարեանը վստահ են, որ օրինագիծը կ'ընդունուի: Նմանատիպ փաստաթուղթ հաւանութեան արժանացած էր նախապէս, սակայն նահանգապետ Ճերի Պրաունը անոր վրայ վեթօ դրած էր: Անցած տարի նոր նահանգապետ Քեյվըն Նիւսոմը յայտնած էր, որ պիտի աջակցի նախագիծին: