image
Հրատապ լուրեր:

Յունաստանի վարչապետը Թուրքիոյ դէմ գործնական քայլեր կը պահանջէ

Յունաստանի վարչապետը Թուրքիոյ դէմ  գործնական քայլեր կը պահանջէ

Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասը կոչ կ՛ընէ Եւրոպական Միութեան՝  չսահմանափակուելու Թուրքիային քննադատող մամուլի հաղորդագրութիւններով, այլ ընել աւելին, կը գրէ National Herald-ը:

ԵՄ-ը կոչ ըրած է Թուրքիոյ վերանայելու հետախուզական հորատումը սկսելու ծրագրերը Կիպրոսի բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ, որ կը համարէ անօրինական:

ԵՄ-ի առաջնորդները՝ Իտալիան, Ֆրանսան, Մալթան, Փորթուկալը եւ Սպանիան աջակցութիւն յայտնած են Կիպրոսին Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածին մէջ իր բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ կազի հայթայթման իրաւունքի առումով՝ կոչ ընելով Թուրքիոյ յարգել միջազգային իրաւունքն ու բարիդրացիական յարաբերութիւններու սկզբունքները:

Ցիփրասը չէ մատնանշած՝ ինչ  միջոցներ պէտք է ձեռնարկուին Անգարայի դէմ, կը գրեն յօդուածի հեղինակները՝ նշելով, որ Ցիփրասը կը փորձէ հաւասարակշռել կոշտ դիրքորոշումը Թուրքիոյ հանդէպ՝ փորձ ընելով հանդարտեցնել նախագահ Էրտողանը: