image

«Ամերիկայի մէջ հայ երգիչներուն հանդէպ անընդունելի զատողութիւն կայ». Ամերիկահայ երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեան

«Ամերիկայի մէջ հայ երգիչներուն հանդէպ անընդունելի զատողութիւն կայ». Ամերիկահայ երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեան

Ամերիկահայ երգիչը կը դժգոհի ու կը պատմէ, որ շատ յաճախ  զատողութեան թիրախ կը դառնայ։ «Ժոզէֆ ջան, ձէնդ շատ լաւն է, բայց ցաւդ տանեմ աքսէնդ ունես...»:  Ժոզէֆ Գրիգորեան կը  բանայ  փակագիծերը՝ պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումներում: 


 

-Ինչպէ՞ս յայտնուեցաք երգարուետսի մէջ, այլ խօսքով՝ ինչպէ՞ս երգիչ դարձաք:


Իրականութեան մէջ մանկութենէս երգող եղած եմ, մօրս կողմը բոլորը երաժիշտ, լաւ ձայներ ունեցողներ  էին, ես ալ հաւանաբար այդ   տաղանդը ժառանգած եմ։ Մանկութենէս ալ  շատ  բան կայ այդ  առումով եւ կը  յիշեմ    մեծ հօրս, որ ջարդէն ազատած զէյթունցի մըն էր: Ան 1900-ի ծնունդ էր,  խելահաս էր, երբ ջարդը պատահեցաւ, միշտ կը պատմէր ջարդի մասին եւ  կը փորձէր  ինծի ազգային, ֆէտայական երգեր սորվեցնել, միասին կ'երգէինք, եւ այդ ձեւով, մանկութենէս   սկսայ  երգել։ Երկրորդ՝ դպրոցները որ յաճախած եմ, երգի ուսուցիչները միշտ ինծի կ'երգեցնէին հանդէսներուն, ատկէ ետք ալ, 15 տարեկանիս ծանօթացայ տիկ. Հռիփ Ասատուրեանին, որ երգերուս բառերը կը գրէր։ Աւելի  ուշ մտերմացայ    երաժիշտ  եւ  գործիքաւորող    Ճօ Պարութճեանին, որուն հետ ալ երկար   ժամանակով համագործակցեցանք։  Անկէ ետք երկու տարի յաճախեցի  «Համազգայինի Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոց,   եւ այդպէս երգի աշխարհին մէջ յայտնուեցայ։ Հիմա արդէն 33-րդ տարին է, որ կ'երգեմ իմ  սիրելի  հայ  ժողովուրդիս համար:

 

-Տարբեր պայմաններու բերումով դուք ստիպուած եղաք հեռանալ Լիբանանէն եւ հաստատուիլ ԱՄՆ: Արդեօք ճիշդ  է՞ր այդ որոշումը:


Միացեալ Նահանգներ երթալը մանկութենէս իմ երազանքն էր։ Այլ պատճառներու կողքին կար  նաեւ եղբայրս,  որ  փոքր տարիքէն, հօրեղբօրս հետ  ԱՄՆ տեղափոխուեցաւ։ Չմոռնանք,  որ ես ալ պատերազմի մէջ մեծցած եմ, պատանի կեանքս ամբողջ պատերազմի մէջ անցուցած  եւ այդ պատերազմի չարչարանքները ձեւով մը խրտչեցուցած էր ինձ ծննդավայրէս, բայց անշուշտ՝ ոչ ընկերներէս:  Միւս կողմէն ալ,  իբր հայկական երգարուեստի    միջավայր, Միացեալ Նահանգներու մէջ    բաւական մեծ  հետաքրքրութիւն    կայ, եւ երբ որ երգի աշխարհին մէջ սկսաւ համբաւս մեծնալ, ժողովուրդը ծանօթացաւ երգերուս եւ սկսան ինձ հրաւիրել հայկական տարբեր գաղութներ, ես առիթը ունեցայ վիզա ստանալու եւ   եւ 1995 թուականին  Միացեալ Նահանգներ հասնելու։ Երբ տեսայ Միացեալ Նահանգներու հայկական մթնոլորտը եւ գաղութին այդքան ընդարձակ ըլլալը, որոշեցի, որ պէտք է Միացեալ Նահանգներ փոխադրուիմ:

Ըսեմ, որ որոշումիս համար երբեք չեմ զղչացած։ Կը կարծեմ,  որ   շատ   ճիշդ որոշում էր առածս, որովհետեւ կարճ  ժամանակահատուածի  մէջ  կարողացայ շատ   մը երազանքներ իրականացնել։ Հիմա ունիմ անձնական «սթիւտեո»ս, ունեցայ հեռուստատեսութեան շոու, եւ համացանցի վրայ Joseph K music show-ն։ Բայց եւ այնպէս, միշտ հայրենիք կ'երազեմ, Հայաստան կ'երազեմ, երանի դիւրին ըլլար եւ փոխադրուէի  եւ Հայաստան   հասատուէի: Տարին  մի քանի  անգամ  ծննդավայրս կ'այցելեմ,  եւ համերգներով  հանդէս կու գամ։ Յատկապէս երիտասարդներուն մօտ  սիրուած  անուն եմ,   եւ   ի պատիւ մեր ժողովուրդին  ձեռնարկներս միշտ լեցուն են:  Յոյսով եմ, մօտիկ ապագային, ոչ թէ միայն ես, այլ բոլոր հայութիւնը դէպի հայրենիք  կը  դառնայ։

 

-Գիտենք որ շատ կապուած էիք լիբանանահայ գաղութին եւ բաւական մեծ վարկանիշ ունէիք Լիբանանի մէջ: Որեւէ տարբերութիւն գտա՞ք ամերիկահայ համայնքին եւ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանի, գաղութին միջեւ:


Մինչեւ հիմա ես կապուած եմ լիբանանահայ գաղութին,  եւ  միշտ  ալ ծննդավայրս կը փնտռեմ: Բայց լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը այսօր կը մտածէ գաղթել դէպի  հայրենիք։ Վերջերս լսեցի,   որ լիբանանահայ շուրջ 400 ընտանիք գաղթած է դէպի Հայաստան, ինչպէս նաեւ վերջին 5-6 տարիներուն Սուրիոյ պատերազմի պատճառով Պէյրութ փոխադրուած սուրիահայութիւնը եւս Պէյրութէն Հայատան կը տեղափոխուի։ Լիբանանահայ գաղութի կարօտը արդէն իսկ Ամերիկայի մէջ ալ կ'առնեմ, որովհետեւ մեծամասնութիւնը հոս են, բայց եւ այնպէս, միշտ կը կարօտնամ ծննդավայրս, ինչպէս ըսի, տարին երկու անգամ ձեռնարկներով Լիբանան կ'երթամ, կ'ուզեմ ուրախացնել  զիս քաջալերողները եւ ընկերներս, բարեկամներս տեսնել:
Կ'ուզեմ յիշել, որ երգի ասպարէզի ընթացքին, 80-ական թուականներուն, ես մօտաւորապէս 2 տարի Հալէպ  էի եւ  հոն  երգած եմ,  հետեւաբար հալէպահայութեան ալ շատ մօտ եմ:

Այս  բոլորը  հաշուի առնելով   կրնամ  ըսել,  որ տարբերութիւնը շատ մեծ է Միջին Արեւելքի հայուն եւ ամերիկահայուն միջեւ։ Ամերիկայի մէջ բնակող հայութիւնը, յատկապէս վերջին 5-6 տարին,  մեծամասնութեամբ, 70 տոկոսը Հայաստանէն եկող հայերն են եւ այդ պատճառով երգարուեստի  շուկային մէջ ոճը, ճաշակը լման փոխուած է, ամէն ձեւով: Տարբերութիւնը այն է, որ Լիբանանի մէջ կ'երգէի մեր գիտցած հայկական ժողովրդային երգերը, անձնական երգերս կամ ալ քիչ մը արաբերէն, իսկ Միացեալ նահանգներու պարագային լրիւ տաբեր է։  Ամերիկայի  մէջ պէտք է գոնէ պարսկերէն իմանաս, աշուղական երգեր գիտնաս, շախով շուխով երգեր, մոտըրն երգեր, արաբերէն, յունարէն եւայլն, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող հայութիւնը տարբեր ճաշակներով հայեր են։  Միջին Արեւելքի մէջ, Լիբանան ապրած ատենս, երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս մեծամասնութեամբ երգերուս ծանօթ էր, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ  իմ  երգերս չեն  գիտեր,  եւ այդ ձեւով, քիչ մը աւելի կը դժուարանայ ԱՄՆ-ի մէջ երգիչ ըլլալը:

 

-Այսօր ի՞նչ ըսել է հայ երգիչ ըլլալ Ամերիկայի մէջ, հայ երգեր երգել, ի՞նչ են լաւ կողմերը եւ ի՞նչ են ժխտական կողմերը:


Ներկայիս, Ամերիկայի մէջ   հանրութիւնը  ցանկացած  երգիչի  մասին վկայութիւն տալէ առաջ  հաշուի  կ՚առնէ,  թէ   ո՞ւրկէ  է ան, ո՞ւրկէ են անոր արմատները ... Այսպիսի կողմնակցութիւն մը մէջտեղ ելած է, որ, եթէ Հայաստան ծնած չես, կամ քու ծնողքդ Հայաստանէն չեն, դժբախտաբար շատ մարդոց քով կը  դառնաս երրորդական դասի երգիչ։  Առանց հաշուի առնելու կարողութիւնդ, լաւ կամ վատ երգիչ ըլլալդ,   այս  մօտեցումը շատ տգեղ   է ինծի   համար: Երկրորդ, ոճային տարբերութիւն կայ, օրինակ ես, որ Լիբանան ծնած եմ եւ արեւմտահայ եմ եւ արեւմտահայերէն պէտք է երգեմ, խօսիմ, որոշ շրջանակ մը կայ չընդունիր այդ լեզուն, յաճախ կ'ըսեն ինծի՝ «Ժոզէֆ ջան, ախպերս, շատ լաւ ես երգում, էդ կոկորդի խաղերդ, ձէնդ շատ քաղցր ա, շէքէր կայ քո ձէնիդ մէջ, բայց, ցաւդ տանեմ, աքսէնթ ունես»...։  Չեմ հասկնար այս «աքսէնթ ունիս»ը ի՞նչ իմաստ ունի երգին մէջ, այդքա՞ն չլսուելիք  լեզու է արեւմտահայերէնը,  իրաւ չեմ հասկնար: Ասիկա շատ լուրջ հարց  է ինծի  համար։ Ետքը, համոզում  մը կայ, որ եթէ Լիբանան ծնած ես, ուրեմն քու արաբերէնդ շատ լաւ է, արաբերէն երգով կ'ուզեն սահմանափակել քեզի, ասի շատ անհեթեթ մօտեցում է, այսինքն մէկ խօսքով, արաբին քով հայ երգիչ եմ, իմ ազգիս քով,  ու հակառակ անոր որ Հայաստան, հայրենիք, հայասիրութիւն կը հոսի իմ արեանս  մէջ, արա՞բ եմ, չհասկցայ: Ըսածս այն է, որ շատ բարդ է հիմա Լոս Անճելըսի մէջ արեւմտահայերէն խօսող երգիչին կացութիւնը, այս  մօտեցումը պէտք է ընդհանրապէս վերցուի, թող երգիչ մը իր ուժով, կարողութեամբ դատուի, ոչ թէ իր ծննդավայրով, թող  անոր արուեստը յարգուի: Վստահ եմ շատ մարդիկ համամիտ են իմ հետս, ամէն մարդ չի կրնար այս նիւթը այսպէս բացայայտ խօսիլ, բայց ես կրնամ խօսիլ, որովհետեւ զգացած եմ իմ մաշկիս վրայ 33 տարուայ փորձառութեամբ: Այսօր համեստաբար կ՚ըսեմ, որ  Ժոզէֆ Գրիգորեանը ունի մօտաւորապէս 250 երգ եւ տարբեր ոճերով երգիչ է, ես, մանաւանդ Հայաստան երթալէս ետք, 2001-ին (ըսեմ, որ 9 անգամ Հայաստան եղած եմ), շատ մօտեցայ աշուղական, ազգագրական երգերու եւ վերջերս աշուղական  բացառիկ երեկոյ մը ունեցայ Սալբի Քէլէշեանին հետ։

Այսինքն այս կողմնակցութիւնները պէտք է վերցուին, պէտք է բոլոր երգիչները քաջալերուին, այս է իրականութիւնը հիմա Ամերիկայի մէջ, բայց նորէն ըսեմ՝ մենք հայ ծնած ենք, մենք կրնանք արեւելահայերէնով ալ երգել, արեւմտահայերէնով ալ, կողմնակցութիւն չունինք, կը սիրենք մեր երկիրը, կը սիրենք մեր ազգը եւ թող նոյն ձեւով ըլլան բոլոր  հայերը։