image
Հրատապ լուրեր:

Արիւնալի օր Հալէպի համար. Հրթիռներ ինկած են «Հալապ ալ Ժատիտա» եւ «Մընիան» շրջաններուն վրայ

Արիւնալի օր Հալէպի համար. Հրթիռներ    ինկած  են «Հալապ ալ Ժատիտա» եւ «Մընիան»  շրջաններուն վրայ

Արիւնալի օր մը գրանցուած է    Հալէպի   մէջ։

 Այս մասին    «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրներէն։

 Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հրթիռներ ինկած են   Հալէպի «Հալապ Ալ Ժատիտա»  եւ «Ալ Մընիան»  շրջաններուն վրայ,որոնք պատճառած են   մարդկային     զոհեր։

 

 Ըստ նախնական տուեալներուն  հրթիռարձակումներուն  հետեւանքով զոհուած  են     վեց   անձեր,  եւ ինկած են տասնեակ  վիրաւորներ։

 Մեր աղբիւրը  նաեւ չբացառեց,  որ  զոհերուն  թիւը   բարձրացում   արձանագրէ։

 

 Կը նշուի  նաեւ, որ    հրթիռարաձկումներուն հետեւանքով  վիրաւորեալներուն  մէջ    կան  երեխաներ։

Յիշեցնենք, որ  ինչպէս աւելի վաղ «Արեւելք»  յայտնած էր,  Հալէպի  քաղաքային    խորհուրդի  պալատը նոյնպէս ենթարկուած էր  հրթիռարձակումի,   պահու  մը, երբ  հալէպի   նահանգային խորհուրդը իր հերթական նիստը կը գումարէր։

 

 «Արեւելք»ի աղբիւրին համաձայն  «Ալ Ժըտիտա»  եւ  «Մընիան» շրջաններուն  մէջ   հայեր   չեն բնակիր։