image

Գամիշլի. Ահաբեկչութեան թիրախ դարձած Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին վերանորոգուեցաւ

Գամիշլի. Ահաբեկչութեան  թիրախ դարձած  Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին վերանորոգուեցաւ

Անցեալ  շաբաթ    ահաբեկչութեան  թիրախ  դարձած  Գամիշլիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին    վերանորոգուեցաւ։   Այս   մասին  տեղեկութիւնը    հաղորեց  Գամիշլիի մասին   լուրեր  տարածող  «Զալին  նիւզ» դիմատետրի  էջը։  Աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ Գամիշլիի  Ասորի  Ուղղափառ քոյր   եկեղեցւոյ    բարձրաստիճան   պատասխանատուներու  որոշումով         համայնքի անդամ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ  կամաւոր կերպով  մաքրած են      ականուած ինքնաշարժին  հետեւանքով ծանր վնասներու ենթարկուած      փողոցի, որմէ ետք ալ           քաղաքին մէջ գործող    մասնագէտներ կարողացած են  արագօրէն վերանորոգել  եկեղեցիի  գլխաւոր դրան  կից, ինչպէս նաեւ եկեղեցին  եզերող  պատը։

Նորոգութեան  աշխատանքներէն ետք     եկեղեցիին մէջ  տեղի ունեցած  յատուկ    արարողութիւն, որուն մասնակցած են   թաղի բնակիչներն ու  Ասորի  համայնքի  անդամները։

 

 Յիշեցնենք, որ    Գամիշլին ցնցած  ահաբեկչութեան հետեւանքով   գրանցուած էին տասնեակ   վիրաւորներ։