image
Հրատապ լուրեր:

Ահաբեկիչներու նոր զոհը Եագուպիյէի մէջ. Մինչեւ մահ քարկոծած են Սիւզան Տէր Գրիգորը

Ահաբեկիչներու նոր զոհը   Եագուպիյէի մէջ.  Մինչեւ մահ քարկոծած են   Սիւզան  Տէր Գրիգորը

 Սուրիոյ երբեմնի   հայ բնակչութիւն  ունեցող Եագուպիյէի  աւանին  մէջ   իսլամիստներ     տանջամահ  ըրած են    Սիւզան  Տէր  Գրիգորը։

  Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն  ստացաւ       իսլամիստներուն   զոհ  դարձած   Սիւզանի  մօտիկ հարազատներէն։ Մեր աղբիւրին  համաձայն        Սիւզան   անյետացած է       յուլիս ամսուան  առաջին   օրերուն  ու ապա      համայնքի  անդամ հայ կանայք         գտած են  Սիւզանը  իր տան մէջ    եւ պարզ դարձած է, որ   իսլամիստներ բռնաբարած ու ապա քարկոծելով  սպաննած են  60-ամեայ  բարեպաշտ   կնոջ։

 

    Կը  նշուի նաեւ, որ անոր մահուան հանգամանքները  պարզելու     համար կատարուած է   հետազօտութիւն, որուն արդիւնքով  ալ  պարզ  դարձած է, թէ Սիւզան ինչ  պայմաններու տակ   սպաննուած է։

 

  Յիշեցնենք, որ  Սուրիոյ պատերազմէն  առաջ  Եագուպիյէ   գաւառակը  կը համարուէր շրջանի հայութեան համար   ուխտատեղի  եւ ամէն տարի շրջանին մէջ  տեղի  կ՚ունենային տօնախմբութիւններ։