image
Հրատապ լուրեր:

«Աստծոյ հետ խօսելու, անոր ձայնը լսելու համար հայկական կարմիր գինի խմէ»Երիտասարդ գինեգործ

«Աստծոյ հետ   խօսելու, անոր ձայնը լսելու համար  հայկական  կարմիր  գինի խմէ»Երիտասարդ  գինեգործ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Սուիոյ պատերազմի հետեւանքով վերջին տարիներուն Երեւան հաստատուած    Սուրիահայ  երիտասարդ ՝Կոմիտաս Մերճանեանը:

 

-Գիտենք, որ վերջերս Արժանթին այցելեցիք: Ի՞նչ  էր նպատակը։

Ես չորս ամիս եղայ Արժանթին, այցիս նպատակն էր    այդտեղի գինեգործութեան միջավայրին  ծանօթանալ։ Նաեւ  աշխատիլ, ոլորտի վերաբերող գաղափարներու փոխանակում   կատարել, ինչպէս նաեւ ծանօթացնել հայկական գինիի եւ անոր պատմութեան մասին, թէ ուրկէ ծնունդ առած է գինեգործութիւնը: Ամենակարեւոր նպատակս սակայն նոր փորձ ձեռք բերելն էր, որովհետեւ ես աշխատած եմ միայն Հայաստանի մէջ, Հայաստանի չափանիշերով եւ  շատ  կ'ուզէի արտասահմանեան գինեգործութեան փորձ ձեռք բերել, մանաւանդ որ գինեգործութեան աշխատանքը ուրիշ աշխատանքներու չի նմանիր։

 

 Արժանթինեան գինին  մեծ ճանաչում   ունի,  հետեւաբար նաեւ   այդտեղի  գինեգործութիւնը    ունի իր  յատկանիշները։ Ի՞նչ կ՚ըսէք  այդ մասին։ 

Արժանթինի գինեգործութիւնը շատ նշանաւոր է աշխարհի մէջ, եւ  հայկականին  հետ համեմատած  շատ մեծ ճանաչում ունի։ Սակայն    մեզի համար իւրայատուկ   փաստ է,  որ  եթէ  փորձենք  հայկական եւ   արժանթինեան    գինեգործութեան ոլորտները  իրար հետ համեմատել, ապա պիտի տեսնենք որ  Հայաստանը շատ աւելի խաղողի տեսակներ ունի քան  Արժանթինը: Անոնք ընդամէնը մէկ տեսակ ապիտակ խաղող ունին, որուն անունն է Տորենթէս, իսկ Հայաստանը հարուստ է խաղողի կարմիր եւ ճերմակ տեսակներով, օրինակ՝ Արենի, յաղթանակ, Գախեթ, կարմրահիւթ, Կարմիր կոթենի, ոսկեհատ, լալուարի եւայլն: 

 

-Դուք ո՞ր գործարանին մէջ աշխատեցաք, ի՞նչ տեսակի գործարան էր, ի՞նչ   խորհուրդներ կրցաք  ձեռք  բերել, եւ արդեօք  բոլոր    «խորհուրդներ»ը բացին ձեր առջեւ:

Գինեգործարանը ուր աշխատեցայ, Արժանթինի Մենտոզա Մայքու շրջանին մէջ կը գտնուէր, անունն էր՝ «Ֆամիլիա Զուքարտի»: Բաց  աստի , եղայ նաեւ տարբեր գործարաններ, տեսնելու համար բոլորի մօտ եղած նորութիւնները, որովհետեւ տարբեր գինեգործարաններ, տարբեր ճաշակով, տարբեր մարդիկ ստեղծած են, եւ հագուստի նման, իւրաքանչիւրը կարած է իր սիրած ձեւով, գոյներով եւ չափերով: Այդ գործարանները բնականաբար չեն համեամտուիր Հայաստանի գինեգործարաններուն հետ, այնտեղ ամէն ինչ շատ աւելի մեծ էր:

-Ի՞նչ տպաւորութիւններ ստացաք ձեր այցէն:

Տպաւորութիւնս այն էր, որ արժանթինցիք շատ կենսուրախ ժողովուրդ են: Երբ իրենց գործարանները մտայ,ձեւով  մը   «կորսուեցայ», որովհետեւ  ինչպէս  վերը նշեցի   անոնց գինեգործարանները շատ մեծ, շատ հիասքանչ, շատ գեղեցիկ, եւ շատ  մաքուր  են։ Կարծես թանգարան ըլլար, բայց իրենց մէկ բան կը պակսէր, որ իրենք պատմութիւն չունին, մեծ անցեալ չունին,  հայկական գինեգործարաններուն նման։

 

-Կ'ըսէք ուրախ ժողովուրդ են, ատի ինչո՞վ կը պայմանաւորուի:

Իրենց բնաւորութիւնը այդպէս է, իրենք կը սիրեն միշտ խօսիլ, արտայայտուիլ, կարեւոր չէ իրենց կը ճանչնաս թէ ոչ: Շատ եղած է, որ իրենց ըսած եմ՝ ես սպաներէն չեմ հասկնար, բայց իրենք շարունակած են խօսիլ, միշտ կը ժպտան, կը բռնեն ձեռքդ պարի կը հանեն, շատ պարզ են, հանգիստ են, չնայած որ երկիրը լաւ վիճակի մէջ չէ, բայց իրենք միշտ ուրախ էին,   եւ իրենց տրամադրութիւնը միշտ   բարձր  է:

 

Ինչ  փորձ կրցաք  ձեռք ձգել։ Ի վերջոյ   Արժանթինէն  ինչ բերիք  ձեր հետ ...  

Ես երթալու ժամանակ հետս երկու շիշ՝ սպիտակ եւ կարմիր  հայկական գինի տարի, որ իմ աշխատած «Իթըրնըթի» գինեգործարանի արտադրանքն էր, որովհետեւ գիտէի, բացի անկէ որ հոն իրար հետ պիտի աշխատէինք, բնականաբար ընկերներ պիտի ըլլայինք եւ պէտք է միասին գինի խմէինք. եւ կը կարծեմ որ ճիշդ որոշում էր հայկական գինի տանիլս, որովհետեւ իրենք ալ շատ զարմացան եւ ուրախ եղան,  որովհետեւ լսած էին հայերու մասին, բայց երբեք չէին հանդիպած հայու, եւ կային մարդիկ որ չէին փորձած հայկական գինի եւ այդ մէկը իրենց մէջ հետաքրքրութիւն արթնցուց, որ գան Հայաստանը  տեսնեն, ծանօթանան հայկական խաղողներու տեսականիին եւ նոր փորձ ձեռք բերեն:

-Ի՞նչ էր իրենց կարծիքը հայկական գինիի մասին:

Իրենք իսկապէս շատ զարմացած էին, որովհետեւ, ճիշդ է գիտէին որ Հայաստանի մէջ գինեգործութիւն եղած է, բայց չէին գիտեր, որ այսպէս  այդպիսի բարձր մակարդակի  գինի  կ՚արտադրէ: Իրենք գիտէին, որ մենք աւելի շատ քոնեաքով ճանչցուած ենք,  բան մը, որ ճիշդ  է, քանի  Խորհրդային  ժամանակ մենք գինեգործութեան մեծ պատմութիւն եւ խաղողի տեսակներ կորսնցուցած ենք: Սովետը կ'ուզէր սպիտակ խաղողի տեսակներ աճեցնել, որ լաւ շաքար կը պարունակէ, որպէսզի բարձր ալքոլ ունենան եւ անկէ քոնեակ պատրաստեն, սակայն   այդ   ընթացքին ալ  Հայաստանի  մէջ գինեգործութիւնը  եւ  խաղողամշակութիւնը    ձեւով մը տուժեցին։

 

- Ինչպէ՞ս եղաւ որ այս ասպարէզը ընտրեցիք, ձեր հանդիպումը հայկական գինիին հետ ինչպէ՞ս   պատահեցաւ:

Երբ 2012 թուականին նոր Հայաստան եկած էի,  շատ փորձեցի աշխատանք գտնել եւ չկրցայ, որովհետեւ իմ մասնագիտութիւնս զբօսարջութեան ոլորտի մէջ էր եւ Հայաստանի մէջ այդ ոլորտին համար  ռուսերէն իմացութիւնը  պարտադիր  էր։Մտածեցի, որ ստիպուած եմ նոր բան մը սկսիլ եւ լսեցի որ հայկական գինին զարգացող եւ պահանջարկ ունեցող ոլորտ է, սկսայ համացանցի վրայ հայկական գինիին մասին  կարդալ եւ յայտնաբերեցի,  որ  մենք հայերս  գինեգոծութեան շատ հարուստ պատմութիւն ունինք։Աշխարհի ամենահին գինեգործարանը Արենիի քարանձաւներուն մէջ յայտանբերուած գործարանն է, որ 6100 տարուան պատմութիւն ունի:

 

-Դուք կը կարծէ՞ք, որ հայկական գինին իր պատուաբեր տեղը պիտի ունենայ աշխարհի գինիներուն կողքին:

Կրնամ յստակ ըսել, որ հայկական գինեգործութիւնը իր վերածնունդը սկսաւ 2010 թուականին: Մենք հարուստ պատմութիւն եւ հիմք ունինք, բայց այսօր աշխարհի դիմաց հարուստ երիտասարդի մը նման ենք, որ ունի   մեծ  ժառանգութիւն  եւ  ան հիմնուած է շատ զօրաւոր հիմքերու վրայ, բայց դեռ շատ երիտասարդ է եւ անփորձ: Ատոր համար, ես կը կարծեմ մենք պէտք է կեդրոնանանք մեր ունեցած ժառանգութեան վրայ եւ շատ չգայթակղուինք աշխարհի նորութիւններով, որովհետեւ մենք հայերս ունինք մեր գինեգործութեան պատմական մեթոտները, ձեւերը, դպրոցը, տարածքները,  խաղող ճզմելու  յատուկ ձեւերը, մեր աւանդական երգերը. Ճիշդ է, աշխարհը՝ Եւրոպան շատ յառաջացած է գինեգործութեան մէջ, բայց մենք չգայթակղինք անոնցմէ, որովհետեւ մենք ունինք մերը, որ իրենց համար ալ հետաքրքրական է:

 

- Խաղող ճզմելու ատեն այդ երգերը ինչո՞վ կ'օգնէին գինի պատրաստելուն:

Հայ ժողովուրդը  շատ գեղեցիկ արարողութեան վերածած է գինիի այդ ամէն պատրաստութեան ընթացքը, այդ երգերը լաւ տրամադրութիւն, հաւատք,  դրական զգացումներ կը փոխանցեն, որովհետեւ մենք հաւատացած ենք, թէ հողին եւ թէ մեր տուած սիրուն խաղողին։   Հայկական խաղողը պիտի աճի, հասուննայ եւ մենք պիտի ունենանք լաւ բերք եւ լաւ գինի: Որովհետեւ խաղողն ալ մարդու պէս է, 9 ամիս կը տեւէ մինչեւ աճի, հասուննայ, մեծնայ եւ արդէն բերքահաւաքի  հասնի,  որ կերպով մը  իր ծնունդն է:

 

-Քրիստոս կ'ըսէ որ, քիչ մը գինին մարդուս  սրտին ուրախութիւն մը, խինդ  մը,  խաղաղութիւն մը կը պարգեւէ։ Դուք որ գինիի աշխարհի մէջ էք, այդպէս նկատա՞ծ էք:

Բնականաբար: Շատ խմիչքներ կան, որոնք մարդիկ երբ կը խմեն, կ'ըսեն՝ կը հարբին, իսկ գինիով չեն  հարբիր, այլ կը գինովնան: Գինին եթէ լաւ գինի է, եթէ գինեգործը սիրով պատրաստած է այդ ամէն ինչը, մաքուր, արդար խմիչք է,  գլխացաւ չառաջացներ եւ աւելի շատ մարդուն ներդաշնակութեան կը բերէ, քանի որ գինի խմելով մարդիկ աւելի կը սկսին մտերմանալ, պարզ դառնալ: Գինեգործարանը ուր ես կ'աշխատիմ, ունինք մեր փիլիսոփայութիւնը, որ կ'ըսէ՝ եթէ կ'ուզես հանգստանալ, միտքդ մաքրել, խմէ սպիտակ գինի, եթէ կ'ուզես  բարեկամուհիիդ  հետ հանդիպիլ, սէր   ընել , խմէ վարդագոյն գինի, իսկ եթէ կ'ուզես Աստուծոյ հետ հանդիպիլ եւ աւելի փիլիսոփայութեան մասին խօսիլ, խորանալ, վերանալ, խմէ կարմիր գինի:

 

-Ապագայի ի՞նչ ծրագիրներ ունիք, ձեր մեծ երազը ի՞նչ է:

Երազս է անձնական գործ սկսիլ այս ոլորտին մէջ: Հայաստանի մէջ գործ սկսիլը, ինչպէս գիտէք, դիւրին չէ, բայց չսկսիլն ալ սխալ է եւ տկարութիւն: Մինակ սկսիլը ինծի համար շատ դժուար է կրնամ ըսել, ֆինանսական առումով, ատոր համար պէտք է գտնել երազանքդ կիսող  գործընկեր մը, որ կը սիրէ մեր հայրենիքը եւ  կը փափաքի  նոյն ճամբան  կիսել  հետե ...

  Աւելի  քան  եօթ  տարիէի   ի  վեր Հայաստան  տեղափոխուած ես: Ի՞նչ  նշանակութիւն   ունի Հայաստանը  քեզի  համար։

Հայաստանի տունս է, ուր վերադարձած եմ: Հայաստանը մարմնի եւ հոգիի տունն է, որ քեզի է եւ վարձով չես վերցուցած այդ տունը: Կարծեմ այսքանը  բաւարար է  բացատրելու համար Հայաստանի իմաստն ու արժէքը։