image
Հրատապ լուրեր:

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով նոր դատավճիռ

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով նոր դատավճիռ

2007 թուականի պոլսահայ յայտնի մտաւորական եւ «Ակօս» թերթի հիմնադիր՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով, թրքական դատարանը դատապարտեց  9 հոգիի, տարբեր ժամկէտներով, հաղորդեց «Ակօս»ը:

Սպանութեան  գործով դատավարութիւնը կը շարունակուի, 9 անձերու դէմ վճիռ արձակուած է, որոնց դատերը առանձնացուցած էր ընդհանուր դատէն, նկատի ունենալով, որ ձգձումներուն իբրեւ հետեւանք՝ կը լրանար դատական գործի վաղեմութեան ժամկէտը։

Տինքի սպանութեամբ մեղադրեալ Էրհան Թունճելը դատապարտուած է 99 տարի 6 ամիս բանտարկութեամբ: Եասին Հայալը, որ նախապէս ցմահ դատապարտուած էր՝ 7 տարի 6 ամիսով, զինուած խմբաւորումներու ձեւաւորման ու ղեկավարման համար:

Օկիւն Սամասթը, որ նախապէս դատապարտուած էր 16 տարիով, 2 տարի եւ 6 ամիս ստացած է զինուած խմբաւորման անդամակցելու համար: Սամաստը նաեւ դատապարտուած է 22 տարի եւ 10 ամսուայ  բանտարկութեամբ  Տինքի սպանութեան համար:

4  այլ մեղադրեալներ դատապարտուած են առնուազն 2 տարուան բանտարկութեամբ, սպանութեան մասնակցութեան համար, իսկ երկու մեղադրեալներ ներառեալ՝ Հայալի եղբայրը անպարտ յայտարարուած:

Հրանդ Տինք  սպաննուած է Ստամպուլի մէջ իր գրասենեակին դիմաց: Տինք բացայայտ կը խօսէր Ցեղասպանութեան փաստի մասին, եւ դատապարտուած էր իբր թէ թուրք ազգին «վիրաւորելու» համար 2006ին:

Տինքի սպանութիւնը, թրքական հանրութեան  համար, ազգայնականութեան աճող ալիքի ու կարծիքը ազատ արտայայտելու դէմ պատերազմի խորհրդանիշ դարձաւ: