image
Հրատապ լուրեր:

Հայերը վտարելու կոչ ըրած թուրք գործիչը պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուի

Հայերը վտարելու կոչ ըրած թուրք գործիչը պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուի

Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան Պաշիսքելէ շրջանային կառոյցի ղեկավար՝ Սուլեյման Օզքարաասլանի գայթակղային գրառումի շուրջ քննարկումները, տակաւին կը շարունակուին, կը հաղորդէ «Ermenihaber»-ը։

Ան twitter-ի իր էջին գրած էր. «1989 թուականին եկած պուլկարացիներուն, 1959 թուականին եկած Սալոնիքի կրօնափոխներուն (նկատի ունի իսլամացած հրեաները) եւ Թուրքիոյ մէջ անօրինական ապրող 100 հազար հայերուն սուրիացիներուն հետ միասին վտարենք: Համաձա՞յն էք»:

Օզարաասլանը, իր այս ցեղապաշտական գրառման համար, դատապարտած են ոչ միայն ընդդիմադիր բազմաթիւ գործիչներ, այլեւ իր որոշ կուսակիցները:

Ինչպէս պարզ դարձած է, անոր այս գրառումը ներկայացուած է կուսակցութեան կարգապահական խորհուրդին քննարկման, նախաձեռնութեամբ՝ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նահանգային գրասենեակի ղեկավար՝ Մեհմետ Էլլիպէշի: Իսկ ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ կուսակցական կարգապահական խորհուրդի նիստը, առայժմ յայտնի չէ: