image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակ բողոքի ալիքին կառավարութիւնը կողմ է «Ամուլսար»ի շահագործման

Հակառակ  բողոքի  ալիքին   կառավարութիւնը կողմ է «Ամուլսար»ի  շահագործման

Երէկ երեկոյեան, վարչապետ Փաշինեան շուրջ 1 ժամ 17 վայրկեան տեւած ֆեյսպուքեան ուղիղ հեռարձակման աւարտին յայտարարեց, որ նպատակայարմար կը գտնէ շարունակել հանքին շահագործումը։

«Մեր կառավարութեան, պետութեան, ժողովրդի, երկրի շահերից է, որ մենք լեգիտիմ (օրինական), մեր կողմից առաջադրուած պայմանը եւ ժողովրդի վստահութեան քուէն ստացած պայմանը բաւարարենք այսինքն՝ հնարաւորութիւն տանք, որպէսզի Ամուլսարի հանքը շահագործուի», յայտնեց Փաշինեան՝ նշելով, որ այդ եզրակացութեան հասաւ ներկայ դրութեամբ իր մօտ առկայ տեղեկատուութեամբ:

 

Հեռարձակման ընթացքին, ներկայացնելով Ամուլսարի ոսկիի հանքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին ողջ նախապատմութիւնը, իրեն ներկայացուած փաստերը, փորձագիտական գնահատականները եւ յիշեցնելով նախապէս կատարած իր յայտարարութիւնները եւ տուած գնահատականները, Փաշինեան վստահեցուց, որ այս պահուան դրութեամբ կառավարութեան ունեցած տեղեկատուութիւնը յստակ է՝ հանքի շահագործումը չի վնասեր Սեւանին եւ Ջերմուկին: «Եւ ասում եմ՝ չվնասել ասելով նկատի չունենք, որ՝ 10 լիտր ջուր աղտոտուած պէտք է լցուէր Սեւանի մէջ, գոնէ ընենց անենք, որ 1-1.5 լիտր կամ 20 գրամ լցուի: Ոչ մի լիտր աղտոտուած ջուր: Եւ աղտոտուածութեան բնապահպանական ամենաբարձր ստանդարտներով (չափանիշ) պէտք է աշխատի: Եւ մեր եզրակացութիւնը, մեր ընթացակարգերով եզրակացութիւնը այսպիսին է», նշեց վարչապետը: «Եթէ տեսականօրէն ի յայտ կը գայ տեղեկատուութիւն, որը իմ այս գնահատականը գլխիվայր կը շրջի՝ ես ոչ մի բանով կաշկանդուած չեմ», աւելցուց ան:

 

«Ամուլսարի հանքն այս պայմաններով շահագործման դէպքում շահագործուելու է Հայաստանի համար աննախադէպ բնապահպանական ստանդարտներով։ Մենք բերում ենք աննախադէպ բարձր բնապահպանական ստանդարտի, որոնք Հայաստանի Հանրապետութիւնում մինչ այս երբեք չեն կիրառուել: Երբ Ամուլսարի հանքը շահագործուի այդպիսի բնապահպանական ստանդարտներով, այդ ժամանակ մեզ համար ակնյայտ է լինելու, որ մինչ այժմ գործող մետաղական հանքերի շահագործման որակը ցածր է, հիմա այս պայմաններում կառավարութիւնը պէտք է գնայ ցածր մակարդակում գտնուող հանքերին ասի, որ պէտք է իրենց ստանդարտները հաւասարեցնեն նոր նշաձողին: Սա քաղաքական պարտաւորութիւն է: Հիմա այն ընկերութիւնները, որոնք ցածր մակարդակում են, պէտք է տասնեակ միլիոնաւոր դոլարներ ծախսեն վեր բարձրանալու համար, եւ ՀՀ կառավարութիւնն ունի լծակներ, այդ ընկերութիւններին պարտադրելու համար», ըսաւ վարչապետը:

 

Ըստ անոր՝ Ամուլսարի հանքը պիտի փակուի, եթէ պարզուի, որ անիկա վնաս կը հասցնէ Սեւանայ լիճին, Ջերմուկի ջուրերուն եւ բնութեան այլ տարրերուն։ «Եթէ այս ամէնի արդիւնքում պարզուեց, որ Սեւանայ լճի հետ կապուած սպառնալիքներ կան, Ջերմուկի ջրերի հետ կապուած սպառնալիքներ կան եւ այլն, բացառուած է, որ այդ հանքը շահագործուի, ուղղակի կը փակենք եւ չենք քննարկելու, որովհետեւ սա մեր ազգային անվտանգութեան հարցն է», ըսաւ վարչապետը:

 

Նիկոլ Փաշինեան ուղիղ եթերի ընթացքին մէջբերեց Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանի յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, Ամուլսարի շահագործումը պիտի չվնասէ Սեւանայ լիճին, Ջերմուկի ջուրերուն, Դարբ, Արփի եւ Որոտան գետերուն: