image

«Բոլոր առումներով ալ մենք աշխատանքի եւ աշխատասէր հայու կարիքն ունինք» Աղաւնոյի գիւղապետ ՝ Անդրանիկ Չաւուշեան

«Բոլոր առումներով ալ մենք  աշխատանքի  եւ աշխատասէր  հայու կարիքն  ունինք» Աղաւնոյի   գիւղապետ ՝ Անդրանիկ  Չաւուշեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ վերջերս  Արցախի  Բերձոր շրջանի     Աղաւնօ   գիւղի գիւղապետ   ընտրուած՝ Անդրանիկ Չաւուշեան

 

 

-Ի՞նչ պայմաններու տակ որոշեցիք հաստատուիլ  Բերձորի Աղաւնօ գիւղին մէջ:


Ես առաջին անգամ Արցախ եկայ բարեսիրական գործերով, «Արցախ Ֆոնտ» հիմնադրամին հետգիւղացիներուն   անասուն կը բաժնէինք, յատկապէս  2 եւ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքներուն:  Երբ տեսայ գիւղը  մտքէս ըսի,  ճիշդ   տեղը  եկած եմ   եւ այստեղ   պէտք է ապրիմ: Այդ նպատակը միշտ ալ ունեցած էի, բայց չէր «ստացուեր» գալ: Այդ սկզբունքով եկանք եւ  հոս հաստատուեցանք առանց ակնկալիք մը ունենալու թէ ինչ կամ որքան կու տան, որովհետեւ ես պարտական եմ հայրենիքիս եւ ե՛ս ալ շատերուն  նման  իմ պարտքս  պիտի վերադարձնեմ   հայրենիքին։


-Վերջերս Արցախի մէջ  տեղի ունեցան ՏԻՄ ընտրութիւններ եւ դուք ալ դարձաք Աղաւնօ գիւղի գիւղապետը. Ի՞նչն էր, որ մղեց ձեզի այդ որոշումը առնել,  մասնակցիլ եւ ձեր թեկնածութիւնը դնել այս ընտրութիւններուն:


Մեր գիւղի ժողովուրդն էր, որ  առաջարկեց  թեկնածւութիւնս. Քիչ  չէին  անոր՛ որ ըսին  ՝ «մենք կ'ուզենք դուն ըլլաս մեր գիւղապետը», անշուշտ ՀՅԴ-ի  ցանկով    եւ այդպէս ալ եղաւ : Ճիշդ է շատեր կան, որ չեն ընդունիր գիւղապետ դառնալս,  բայց  անոնք թիւով քիչ են, կամաց կամաց պիտի գիտնան որ մեր առաքելութիւնն ու նպատակը միմիայն հայրենիքի կառուցման աշխատանքն է, այսինքն անձերու հետ ոչ մէկ հարց ունինք, բոլորին հետ  բնականոն  յարաբերութիւններ պիտի զարգացնենք  եւ  արդարութիւնը վերականգնենք։


-Ի՞նչ  պիտի ըլլայ  ձեր   աշխատանքային օրակարգը, եւ  ի՞նչ են ձեր ծրագրի գլխաւոր կէտերը:


Նպատակները շատ են, դպրոցի կառուցում, բնակարաններու  կառուցում, բուժկէտային կեդրոնի հիմնադրումա, ջուրի հարցի լուծում, աղբահանութեան հարցի լուծում, ծանօթանալ ընկերային դժուար պայմաններով ապրողներու հարցերուն,  այսինքն վերատեսութեան ենթարկել անոնց վիճակը եւ եթէ կարենանք գործատեղեր ստեղծել:


-Ի՞նչ եղաւ գիւղացիներուն անդրադարձը ձեր ընտրութեան առիթով. ինչպէ՞ս ընդունեցին այդ լուրը եւ այսօր ինչպէ՞ս է  ձեր  եւ գիւղացիներու միջեւ յարաբերութիւնը: 


Համագիւղացիներուն հետ սկիզբը դժուար էր, այն առումով որ անընդունելի էր իրենց համար,  որ սփիւռքահայ  մը իրենց գիւղապետը   դառնայ...  հարցը միայն անձի հանդէպ չէր, այլ  սովետի   ժամանակներէն մնացած  մտայնութեան  արտայայտութիւն էր, մանաւանդ որ    ՀՅԴ -ի  դէմ   միշտ  ալ հակաքարոզչութիւն տարուած է, հետեւաբար ընդունուած չէր սփիւռքահայ մը  գիւղապետ  դառնայ  եւ  առաւել եւս դաշնակցական մը։  Այստեղ   կ՚ուզեմ   նշել, որ      վերջին տարիներուն  յատկապէս այս շրջաններուն  մէջ  ժողովուրդի մտածելակերպը ինչ  որ տեղ   սկսած է փոխուիլ...թերեւս անոր համար, որ  շատ մը սփիւռքահայեր Հայաստան  հաստատուեցան եւ ցոյց տուին  յաջողութեան օրինակներ  ամենատարբեր ոլորտներու մէջ։ Ու   շատեր  հասան  այն եզրակացութեան,   որ  մենք աշխատող ենք, ժողովրդասէր ենք, հայրենասէր ենք, եւ այդ առումով ոչ մէկ վատութիւն կը ցանկանք մեր ժողովուրդին, այլ ճիշդ հակառակը:

 

-Շատ շատեր կ'ըսեն որ Բերձորը ոչ միայն պորտալարն է Հայաստան- Արցախ գօտիին, այլ նաեւ ռազմավարական կարեւորութիւն  կը ներկայացնէ, այդ մասին ի՞նչ կը մտածէք:


Բերձորը ոչ թէ կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունի, այլ կը կարծեմ ամբողջ Արցախի մուտքն է , Բերձորը անցք մըն է, խաչմերուկի վրայ կեդրոն է, ռազմական նշանակութեան առումով ալ  շատ կարեւոր   կէտ մըն  է։

 

-Լսած ենք որ Բերձորի մէջ յատկապէս, սուրիահայեր հաստատուած են, այդ մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն:


Ինչ կը վերաբերի սուրիահայերու  այստեղ   ապրելու, այո ժամանակ մը բաւական թիւով սուրիահայեր   այստեղ  կ՚ապրէին, բայց ինչ-ինչ պատճառներով   ու  նաեւ ընկերային դժուարութիւններու հետեւանքով, դժբախտաբար բոլորն ալ   հեռացան... մնաց միայն մէկ ընտանիք Բերձորի  մէջ,  որ   վերջերս  ամուսնացած  զոյգ մըն է։

 

-Ինչ խօսք ունիս ուղղելիք «Արեւելք»ի ընթերցողներուն, մանաւանդ որ   մեր ընթերցողներուն կարեւոր մէկ հատուածը սփիւռքահայեր են, որոնք կը հետեւին նաեւ Արցախի զարգացումներուն եւ այսպէս ըսած Արցախով կ'ապրին:  


Անշուշտ սփիւռքի ներդրումներով եւ մեր ընկերներու ջանքերով պիտի ապահովենք  կարեւոր բարեփոխութիւններ: Աղաւնոն Արցախի մուտքն է, առաջին գիւղը, այսինքն Արցախի առաջին տպաւորութիւնը, հետեւաբար  պէտք է ըլլայ հիւրընկալ, բարւոք եւ  այսօրուան   պայմանները  ունեցող    յենարան-գիւղ մը։

Հարցերը շատ են, բայց լուծուող խնդիրներ են, խնդիր չկայ որ չի լուծուիր. աշխատանքով ամէն ինչի կը հասնինք  եթէ նպատակը կայ: Ժամանակը կարճ է, ամէն ինչ շատ արագ պէտք է գործենք, որպէսզի օրինակ դառնայ եւ  դրական մրցակցութեան ոգիով բոլոր գիւղերուն մէջ տարածուի այդ աշխատասիրութիւնը: Չենք ուզեր այլեւս միայն հայրենասիրութիւն վերնագիրը գործածել, բոլորն ալ հայրենասէր են, այլ  մեր լոզունքը փոխենք   ու  դարձնենք բարեփոխում   եւ աշխատասիրութիւն: Մենք աշխատանքի կարիք ունինք, աշխատասէրի կարիք ունինք եւ կամաց-կամաց բոլորս ալ պիտի մղուինք հայրենիքը  ամրացնելու   անյետատաձգելի  գործին։