image
Հրատապ լուրեր:

«Կիրակի օրուան ցոյցերը, անմեղ չէին...» Լիբանանի նախագահ զօր. Աուն

«Կիրակի օրուան ցոյցերը, անմեղ   չէին...» Լիբանանի նախագահ զօր. Աուն

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն, որ այսօր հանգամանօրէն անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին, յայտարարեց, որ կիրակի օր եղած  ցոյցերը «անմեղ  ցոյցեր չէին»։ Աուն, որ խօսած է «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականին մօտիկ կանգնող աղբիւրի մը, յայտնած է, որ «Լիբանանի տնտեսութիւնը պիտի չփլուզուի»։ Աուն նաեւ նկատել տուած է, որ անցնող օրերուն երկրին մէջ տեղի ունեցած  զարգացումները  ցոյց  կու տան, որ  մութ ուժեր  կը փարձեն տապալել իր նախագահական նստաշրջանը եւ այդ առումով ուժեղ պայքարի նախաձեռնած են ոչ միայն իր, այլ նաեւ երկրի վարչապետ Սաատ Հարիրիին դէմ։

Լիբանանի նախագահը իր խօսքի աւարտին նաեւ ըսած է, որ իր համար ցոյց  կազմակերպելը  օրէնսդրութեամբ հաստատուած իրաւունք է, բայց եւ այնպէս անցնող կիրակի օր եղած ցոյցերը եւ բողոքի շարժումները «երբեք անմեղ չէին»։

Յիշեցնենք, որ անցնող մէկ ամսուան ընթացքին արտաքին մեծ պարտքեր ունեցող Լիբանանը յայտնուած  էր տնտեսական տագնապի բաւական սուր երեւոյթներու դիմաց եւ այս պահու դրութեամբ երկրին մէջ  օտար  արժեդրոյթի  եւ յատկապէս ամերիկեան տոլարի երեւելի սղաճ կ՚արձանագրուի, բան մը, որ կրնայ  ժխտական ազդեցութիւն  ունենալ երկրի  բոլոր ոլորտներուն վրայ։