image

«Օտար լեզուներու հետաքրքրութեան առումով ճիշդ չէ Հալէպն ու Երեւանը իրար հետ համեմատելը».Սեւան Ատուրեան

«Օտար  լեզուներու  հետաքրքրութեան  առումով  ճիշդ չէ Հալէպն ու  Երեւանը  իրար  հետ համեմատելը».Սեւան Ատուրեան

«Արեւելքի» հարցերուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած Սեւան Ատուրեան.

 

-Ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ե՞րբ ստեղծեցիք օտար լեզուներ դասաւանդող ձեր կեդրոնը:


2015-ին, Երեւանի մէջ,  ստեղծեցինք «Ռոզըրի» լեզուներու կեդրոնը: Ուսումնասիրելով հայ կրթական ոլորտը, ուսանողներուն լեզուներու հանդէպ ունեցած մեծ հետաքրքրութիւնը եւ իրենց չյագեցած լեզուական կարիքները՝ ուզեցինք ստեղծել համաշխարհային ուսումնական մեթոտներով եւ չափանիշներով յագեցած  կրթական    նոր միջավայր մը:

 

-Ի՞նչ է գլխաւոր նպատակը այս կեդրոնին:


Մեր գլխաւոր նպատակն է նպաստել հայրենիքի զարգացումին, ստեղծելով ամենալաւ պայմանները մեր ուսանողներուն համար, որպէսզի անոնք կարողանան զարգացնել իրենց լեզուական  հմտութիւնները ճիշդ ձեւերով եւ հնարաւորինս կարճ ժամանակի մը  մէջ: Մեր առաքելութիւնն է ի յայտ բերել ուսանողներուն կարողութիւնները, մղելով  զիրենք  դառնալու ինքնավստահ, լայնամիտ, առողջ մտածող հաղորդակիցներ եւ անհատներ: Մեր նպատակն է նաեւ պահպանել հայ մշակոյթը եւ ոգին՝ մեր կողմէ կազմակերպուած տարբեր միջոցառումներու ընդմէջէն։

 

-Ի՞նչ ոլորտներէ  են ձեր ուսանողները:


Մենք ունինք  տարբեր ոլորտներու ուսանողներ, սովորական ուսանողներ՝ սկսած 5 տարեկանէն մինչեւ 65 տարեկան: Ունինք նաեւ մասնագիտական ուղղութիւններով խումբեր,  օրինակ՝ բժշկական, իրաւաբանական, գործարարներու եւայլն: Չմոռնանք նշել նաեւ  TOEFL iBT, IELTS եւ շտեմարաններու նախապատրաստական դասընթացքներու հետեւող  մեր խումբերը:

 

-Ո՞ր լեզուն ամենաշատ պահանջուած է եւ, ձեր կարծիքով, ի՞նչ պատճառներով:


Մենք հայերս հետաքրքրուած ենք տարբեր լեզուներ սորվելով, բայց ամենաշատ պահանջարկ ունեցող լեզուն անգլերէնն է, որովհետեւ համաշխարհային ուսումնական ընդունելութեան եւ  առեւտուրի յարաբերութիւններու ծիրէն ներս այն հաղորդակցման հիմնական միջոցն է:

 

-Բնականաբար հայաստանցի ուսանողներ ալ ունիք, երբեւէ լեզուական առումով դժուարութիւններ կ'ունենա՞ն:


Ընդհանրապէս լեզու սորվողները, հայ կամ օտարներ, կրնան ունենալ մէկ հիմնական դժուարութիւն՝ օտար լեզուն անընդհատ համեմատել  ու նաեւ թարգմանել մայրենի լեզուէն, որ արգելք կրնայ հանդիսանալ օտար լեզուով ճիշդ արտայայտման ընթացքին:

 

-Եթէ մօտիկ անցեալի Հալէպի լեզուական կամ ուսուցողական մակարդակին հետ համեմատենք, ի՞նչ տարբերութիւններ կան Երեւանի եւ Հալէպի միջեւ:


Հալէպի եւ Երեւանի միջեւ համեմատութիւն ընելը այդքան ալ ճիշդ եւ արդար չէ, որովհետեւ այս երկու քաղաքները իրարմէ կը տարբերին իրենց բնակչութեան թիւով, մտածելակերպով եւ լեզուներ ձեռքբերելու ունակութիւններով:

 

-Որպէս սփիւռքահայ համոզուա՞ծ էք որ ձեր ապագան Հայաստանի մէջ է, թէ այս մէկը առժամեայ կեցութիւն մըն է:


Անկասկած բոլոր հայերուն ապագան Հայաստանի մէջ է:Մենք պէտք է կերտենք մեր ապագայ հայրենիքը, կրթելով եւ պատրաստելով գիտակից, զարգացած  եւ բարեացակամ   հայ քաղաքացիներ: Այժմ մենք կ'աշխատինք այդ առումով, յոյս ունենալով աւելի ընդարձակել մեր լեզուի կեդրոնի գործունէութիւնը: