image

Վերջին տարիներուն Հայաստան վերադարձած սփիւռքահայերը նոր գոյն տուին Երեւանին. Հալէպահայ Հրայր Ակիլեան

Վերջին տարիներուն Հայաստան վերադարձած սփիւռքահայերը նոր գոյն տուին Երեւանին. Հալէպահայ Հրայր Ակիլեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Երեւան  հաստատուած հալէպահայ գործիչ Հրայր Ակիլեանը.


-Ի՞նչն էր, որ ձեզի մղեց ՀՀ անձնագրի վրայ ծննդավայրի վերաբերեալ ներկայացուած արձանագրութեան մասին բարձրաձայն արտայայտուելու, եւ ի՞նչն էր որ ձեզ անհանգստացուց:


Ինչպէս գիտէք, համացանցի վրայ սուրիահայերու անունով խումբ մը ունիմ, որուն ուղղակի հետեւողներուն թիւը 12 500 է։  Խումբի  անդամներուն հետ ամէնօրեայ զրոյցի, կապի, գրութեան, կատակի, ծիծաղի, ինչպէս նաեւ լուրջ նիւթերու քննարկումներ կ'ունենանք:

Երէկ, բարեկամ մը այս նիւթի մասին մտահոգութիւն յայտնեց,   ըսելով, որ իր զաւակը համալսարան արձանագրելու համար, իրմէ պահանջած են վճարումը կատարել HSBC դրամատան միջոցաւ,  եւ այդ դրամատունը տեսնելով որ անձնագրին մէջ ծննդավայրը Սուրիոյ հանրապետութիւն գրուած է, մերժած է եւ ըսած, որ չենք կրնար ձեր հետ որեւէ տեսակի գործարք իրականացնել: Իրականութեան մէջ նմանօրինակ նիւթերու ասկէ առաջ ալ առնչուած էինք, շատերէ լսած էի, որ ՀՀ անձնագրին մէջ ծննդավայրի Սուրիա նշուած ըլլալուն պատճառով խոչընդոտի հանդիպած են, մէկը Վրաստանի սահմանին մնացած էր, ուրիշներ դեսպանատուներու մէջ խնդիրներ ունեցած էին: Հետեւաբար, մտածեցի, որ պէտք է այս խնդրին մասին լուրջ մտածուի, որովհետեւ մենք այսօր շուրջ   7 միլիոնանոց սփիւռք մը ունինք, որոնք կրնան նոյն ճակատագրին ենթարկուիլ, երբ Հայաստան գան եւ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանան:

 

-Արդեօք ո՞ր ոլորտներուն մէջ զգացիք, որ որոշ ժխտական կամ թերի վերաբերմունք մը կայ: 


Մեր մտահոգութիւնները ընդհանրապէս կը ծնին եւրոպական կազմակերպութիւններու հետ գործ մը ունենալու պարագային, ինչպէս վերը ըսի, անոնք կրնան ըլլալ դրամատուներ, կրնան ըլլալ դեսպանատուներ, սահմաններու անցակէտեր, ինչպէս օրինակ վրացական սահմանին վրայ եղած դէպքերը: Այդ  պարագաներուն է, որ մենք կը զգանք որ կը տարբերինք տեղացի, այստեղ ծնած հայէն:

 

-Մենք միշտ սփիւռքի մէջ այդ զգացումը ունեցած ենք. որ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ ենք, ի՞նչ պէտք է ընենք, որ այդ մօտեցումը վերանայ Հայաստանի մէջ:


Շատ յստակ է, որ մենք իբր սփիւռքահայեր, մանաւանդ Միջին Արեւելքի՝ Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Եգիպտոս ապրող հայեր, միշտ մեր մէջ ունեցած ենք այդ  երկրորդ մակարդակի քաղաքացի ըլլալու զգացումը, մտավախութիւնը: Իսկ գալով Հայաստան, մեր այդ երազային հայրենիքին մէջ նոյն զգացումը ունենալը քիչ մը դժուար է, եւ  ընդունիլը՝ անկարելի:

Այստեղ , իբր սփիւռքահայ կարգ մը լուծումներ կրնանք առաջարկել եւ խնդրել մեր Հայաստանի ղեկավարութենէն, որ Եւրոպայի, Ամերիկայի, Ռուսիոյ, շրջանի բարեկամ բոլոր երկիրներուն հետ իրենց ունեցած  կապերով, ինչպէս որ յատուկ պայմանագրեր ունին Միացեալ Եւրոպայի, Ռուսաստանի եւ ԵԱՏՄ-ի հետ, այս հարցը կարգաւորելու ջանքեր գործադրեն, բացատրեն, որ այս քաղաքացիները մեր հայերն են եւ իրենց յանցանքը չէ, որ ուրիշ երկիր ծնած են: Հետեւաբար կ՚ակնկալենք, որ հայրենի իշխանութիւնները իրենց յարաբերութիւնները օգտագործեն այս շեղած մտածելակերպը ուղղելու, բան մը, որ  մեր ղեկավարութեան պարտականութիւններէն մին  է։  Այսօր Հայաստանի  մէջ շուրջ 15 հազարնոց հալէպահայութիւն, մօտաւորապէս 2-3 հազար լիբանանահայութիւն եւ մօտ 2000 քուէթահայութիւն կ'ապրի, եւ սփիւռքահայութեան թիւին  մեծնալով երկիրը սկսաւ ծաղկիլ եւ առաջ երթալ, բարգաւաճիլ:

 

-Յաճախ մարդիկ արտայայտուած են, որ սուրիահայերը, լիբանանահայերը որոշ մշակոյթ մը բերին,  եւ ծաղկեցուցին Հայաստանը. ի՞նչ է ձեր կարծիքը։


Այո, իրաւացի են այդ խօսքերը: Մենք մեր բերած մշակոյթով, ամէն մէկ երկրի մէջ ունեցած մեր սովորութիւններով գունաւորեցինք մեր Հայաստանը:

Բոլորին ակնյայտ է, որ 2011 թուականէն վերջ, այսինքն Սուրիոյ հակամարտութիւնը սկսելէն ետք, երբ հալէպահայերու մեծ հոսք եղաւ Հայաստան, բոլորը իրենց մասնագիտութիւնները, վարպետութիւնները, սովորութիւնները հետերնին բերելով, քաղաքին մէջ զգալի փոփոխութիւննեr առաջ բերին. սկսած արհեստավարժ արհեստանոցներէն, անցնելով ճաշարանները, մինչեւ սպասարկման ոլորտը: Հալէպահայ երիտասարդութիւնը եւս այստեղէն վկայականներ ստանալով, սկսաւ տեղական ընկերութիւններու մէջ իր ծառայութիւնը մատուցել  եւ այս բոլորը երկրին բերին նոր գոյն, որուն արդիւնքը բոլորը գիտեն եւ այդ մէկը յայտնի է, ու մենք մեզ գովաբանելու կարիք չունինք:

 

-Սփիւռքի մէջ ծնած իր քաղաքացիները յարգելու համար Հայաստանը այսօր, ի՞նչ մեքանիզմներ պէտք է գործի դնէ, ի՞նչ ձեւերով պէտք է պաշտպանէ բոլոր անոնց, որոնք սփիւռք ծնած են եւ այսօր արդէն հայրենադարձուած են:


Այս հարցին համար օրինակ պիտի բերեմ Իսրայէլը: Անշուշտ մենք իբր սուրիահայեր, մեզի համար Իսրայէլը  թշնամի երկիր է, բայց իրենց տարած աշխատանքը Իսրայէլի գոյութենէն ՝ 1948-էն ի վեր, յանգեցուց այն կէտին, որ սփիւռքի եւ երկրի մէջ ապրող հրեան ոչ մէկ ձեւով տարբերին  իրարմէ եւ իրենց դիւանագիտական կապերով, միջազգային յարաբերութիւններով բոլորին պարտադրեցին այս տեսակէտը: Մենք օրինակ  պէտք է առնենք այդ երկիրներու գործունէութենէն եւ նոյն ձեւը ընդունելով, կրարողանաք   սփիւռքահայուն տալ  ապահովութեան զգացումը:

 

-Հակառակ բոլոր անպատեհութիւններուն, դուք ձեզի ամբողջական քաղաքացի կը զգա՞ք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան:


Անշուշտ, ես հպարտ եմ, որ ՀՀ քաղաքացիութիւնը ստացայ, մենք այդ բախտաւոր սերունդն ենք, որ 800 տարի վերջ կրցանք տիրանալ  մեր իսկական ինքնութեան: Բայց երբեմն,  երբ այսպիսի  խնդիրներու մասին    լսեմ, պահ մը մէջս այդ մտավախութիւնը կը մտնէ, որ դարձեալ, ինչպէս մեր ծնած երկիրներուն մէջ, այստեղ եւս իբր երկրորդ կարգի քաղաքացիներ պիտի դասուինք։