image

Հրթիռներ Գամիշլիի վրայ.Կան տուժածներ

Հրթիռներ Գամիշլիի վրայ.Կան տուժածներ

Այսօր  հրթիռներ ինկած են  Գամիշլիի վրայ։

Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկութիւն ստացաւ Գամիշլիի իր աղբիւրէն։

Մեր   աղբիւրին հաղորդմամբ  հրթիռները ինկած են Գամիշլիի  քրիստոնէաբնակ  Պաշրիյէ  խաղաղ  բնակչութեան   թաղամասին վրայ,  որուն հետեւանքով ալ զոհուած է մէկ անձ եւ  գրանցուած   են   երեքէ աւելի   վիրաւորներ։

Մեծ վնասներու ենթարկուած են թաղամասին մէջ գտնուող բնակելի  շէնքերէն  շատերը։

 

Ներկայիս  զգուշաւոր  վիճակ մը կը տիրէ  Գամիշլիի մէջ։

 Գամիշլիի մէջ  ապրող  հայերուն  թիւը կը գնահատուի 8  հազարով։

 

Յիշեցնենք, որ   Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի  հրամանով թրքական բանակը  ռազմական   գործողութեան  սկսաւ  Սուրիոյ    հետ սահմանային  շրջաններուն ուղղութեամբ, նպատակ ունենալով  հարուածի  տակ առնել   այդ շրջաններու քրտական  զինուորական ներկայութիւնը։