image

Գամիշլին դարձեալ հրթիռներու թիրախ.Վիրաւորուածներուն մէջ կան երեխաներ

Գամիշլին  դարձեալ  հրթիռներու թիրախ.Վիրաւորուածներուն մէջ կան  երեխաներ

Հայաբնակ  Գամիշլին    այսօր  յետմիջօրէին   թիրախ  դարձաւ թրքական  կողմի հրթիռարձակումներուն։  Այս մասին  տեղեկութիւնը  հաղորդեց           Գամիշլիի մասին լուրեր    հաղորդող «Ռոնահի»   դիմատետրի   էջը։ Կը նշուի  նաեւ, որ  հրթիռներէն մին  ինկած է «Դեղարան Նուպար»ի  կից։

Հրթիռարձակումներուն հետեւանքով    վիրաւորուած  են   չորս  բնակիչներ, որոնց երկուքը երեխաներ  են։

Յիշեցնենք, որ    անցնող   ժամուան ընթացքին այս երկրորդ  անգամն է, որ Գամիշլին թիրախ  կը դառնայ թրքական  կողմի հրթիռակոծումներուն։