image
Հրատապ լուրեր:

Թրքական բանակը թիրախ դարձուցած է Թալ Ճիհան գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին

Թրքական բանակը թիրախ  դարձուցած է  Թալ Ճիհան  գիւղի   Սուրբ Աստուածածին  եկեղեցին

Թրքական  ուժեր այս  առաւօտ հարուածած են   Թալ  Ճիհան  գիւղաւանի մէջ գտնուող  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։

Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց      «Անհա»  կայքը։  Աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ եկեղեցին չէ խոնարհած, սակայն ենթարկուած է  ծանր վնասներու։

Յիշեցնենք,  որ Թալ Ճիհանի    եկեղեցին  պատմական եկեղեցի է եւ կը համարուի  այդ տարածաշրջանի   ամէնէն հին եկեղեցին։

Եկեղեցին կը պատկանի  Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ  մօտիկ   դաւանանք   ունեցող  Ասորի Ուղղափառ  համայնքին։