Թրքական ուժեր այս առաւօտ հարուածած են Թալ Ճիհան գիւղաւանի մէջ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Անհա» կայքը։ Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ եկեղեցին չէ խոնարհած, սակայն ենթարկուած է ծանր վնասներու։
Յիշեցնենք, որ Թալ Ճիհանի եկեղեցին պատմական եկեղեցի է եւ կը համարուի այդ տարածաշրջանի ամէնէն հին եկեղեցին։
Եկեղեցին կը պատկանի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մօտիկ դաւանանք ունեցող Ասորի Ուղղափառ համայնքին։