image

Գամիշլիի վրայ եղած հրթիռարձակումները խլած են 6 զոհեր (Վիտէօ)

Գամիշլիի վրայ եղած  հրթիռարձակումները  խլած են  6  զոհեր (Վիտէօ)

Քիչ  առաջ  Գամիշլիի վրայ   գրանցուած  հրթիռարձակումները     պատճառած են  մարդկային  զոհեր։

Այս մասին  տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Արապիա»  կայանը՝  յղում  կատարելով       Գամիշլիի  YPG -ի   իր աղբիւրին։ Կը նշուի նաեւ, որ հրթիռարձակումներուն  հետեւանքով   զոհերուն թիւը  հասած է 6-ի, մինչ      ուրիշներ ծանրօրէն վիրաւորուած են։

Նշենք, որ հրթիռները  ինկած են յատկապէս  Գամիշլիի «Մունիր Հապիպ»  եւ «Հաճին»   թաղամասերուն    վրայ։  

 

 Լուսանկարը՝  «Արեւելք»ի  արխիւէն