image

Զոհերուն թիւը հասած է 9-ի. Անգարայի կողմէ հովանաւորուած «Ժայշ Ուաթանի»ն անմարդկային ոճիրներ կը գործէ

Զոհերուն  թիւը հասած է 9-ի.  Անգարայի կողմէ   հովանաւորուած   «Ժայշ Ուաթանի»ն    անմարդկային ոճիրներ  կը գործէ

Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ  գործող   «Ժայշ  Ուաթանի»ն   անմարդկային ոճիրներ կը գործէ։

Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Արապիա»   կայանը, որ նաեւ  նշեց, որ   տուեալ   խմբաւորումը       ինը  անձեր  սպաննած   է   Թալ  Ապեատ- Հասիչէ   ճամբուն վրայ։

Կը նշուի նաեւ, որ  «Ժայշ Ուաթանի»ի  զինեալները  կրակ բացած  ու սպաննած  են   ինը  անզէն  անձեր (անոնց մէջ  եղած են նաեւ   քիւրտ  մարտիկներ)   ու  այդ սպաննութեան  տեսանիւթը  արագօրէն  տարածուած է համացանցին վրայ։

Դէպքէն  քանի մը ժամ  անց       սպանութեան դէպքը վաւերագրող   տեսանիւթը հեռացուած  է համացանցէն։

Յիշեցնենք,  որ Սուրիոյ  հիսիսային շրջանները  պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւններու   թատերաբեմ կը դառնային, անցեալ չորեքշաբթի   օրուան  յետմիջօրէին, երբ Անգարան   ռազմական    գործողութեան մը ազդանշանը  տալով դէպի  Սուրիա  ներխուժում  իրականացուց։