ՄԱԿ-ի փախստականներու յանձնախումբի կողմէ հրապարակուած վերջին տուեալներուն համաձայն Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու տարբեր քաղաքներէն արտահոսքը կը շարունակուի։Յիշեցնենք, որ այսօր իր լրում կը հասնի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն ուղղութեամբ թրքական ուժերու ներխուժման 5-րդ օրը։
Մասնաւորապէս Թալ Ապիատ եւ Ռաս Իւլ Այն քաղաքներէն դէպի Սուրիոյ այլ շրջաններ ՝ ինչպիսին են ՝Հասիչէն եւ Գամիշլին փախստականներու թիւը հասած է 130 հազարի։
Կը նշուի նաեւ, որ ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն ի վեր զոհերու թիւը անցած է 200-ը, եւ վիրաւորներունը ՝ 400-ը։
Իր կարգին Sky News Arabic կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հովանին վայելով Սուրիոյ «Ազատ բանակ»ը այս առաւօտ կարողացած է Ռաքքայէն Թէլ Ապիատ քաղաքներուն միջեւ գտնուող Սլուք քաղաքը իր տիրապետութեան տակ առնել, այդպիսով պատճառ դառնալով, որ այդ շրջաններու հազարաւոր քաղաքացիներ փախուստի դիմեն։
Հակասական տուեալներ կը հաղորդուին Ռաս Իւլ Այնի եւ Թալ Ապիատի ընդհանուր դրութեան մասին.Մինչ թրքական աղբիւրներ կը խօսին այն մասին, որ թրքական ուժեր կարողացած են գրաւել Ռաս Իւլ Այնը, անդին քրտական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ քրտական ջոկատներ կարողացած են վիրատիրանալ երէկ առաւօտուն թրքական տիրապետութեան տակ ինկած Թալ Ապիատի եւ Ռաս Իւլ Այնի շարք մը թաղամասերուն։