image

«Փառք Աստծոյ մեր Աւօն բուժուեցաւ...».Թալին Սարգիս Գրիգորեան

«Փառք  Աստծոյ մեր   Աւօն բուժուեցաւ...».Թալին Սարգիս Գրիգորեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Տիկին Թալին Սարգիս Գրիգորեան, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Արեւելք»-ին՝ իր որդւոյն՝ Աւետիսի գործողութեան համար կազմակերպուած դրամահաւաքի կոչերուն անդրադառնալուն եւ մաս կազմելուն համար:


-Իմացանք, որ վերջերս ձեր որդին՝ մեր բոլորի սիրելի Աւետիսը, վերադարձաւ Լիբանան՝ բուժման բաւական երկար փուլ մը անցընելէ ետք: Այսօր ի՞նչպէս է Աւետիսի առողջական վիճակը:


Աւօն շատ լաւ է, փա՛ռք տիրոջ, transplant-ը (փոխպատուաստումը) բարեյաջող ընթացաւ: Ապրիլ 10-ին ան սրտի հարց ունեցաւ, սիրտն ու թոքերը  20 վայրկեան դադրեցան աշխատելէ, 5 օր վերակենդանացման բաժին մնաց: Երբ որ ելաւ, փոխպատուաստումի նոր բջիջները տկարացած էին, ստիպուեցան նոր բջիջներ առնել հօրմէն՝ ոյժ տալու համար իրեն: Սակայն այս բջիջները սկսան պատերազմիլ ընդդէմ մարմնին, ինչ որ յառաջացուց  neuropathy անունով հիւանդութիւնը, այսինքն՝ թմրութիւն, ձեռքերու եւ ոտքերու ցաւ, չկարենալ վրան կոխել կամ հանգիստ շարժիլ: Այս հիւանդութիւնը բուժելու համար դիմեցին plasma therapy-ի, այսինքն՝ արիւնը լուացին վնասակար բջիջներէն: Աւօն աւելի լաւացաւ, ցաւերը բաւական մեղմացան, բայց գոնէ 6-12 ամիս պէտք է ամբողջապէս բուժուելու:   Նման հիւանդութիւններու պատճառաւ մկանները պրկուած ու ծուլացած են եւ կարիքը ունին երկար ժամանակով ֆիզիոթերափիի եւ աքուաթերափիի, որ ջուրի մէջ կը կատարուի: Քանի որ Իտալիոյ մէջ բժիշկը զբաղած էր, չկրցան պէտք եղած հոգատարութիւնը ցուցաբերել ֆիզիոթերափիի առումով, եւ որովհետեւ  փոխպատուաստումը յաջող էր, որոշեցինք Լիբանան վերադառնալ եւ հոն շարունակել ֆիզիոթերափին: Իրաւ ալ այդպէս եղաւ, արդէն երեք անգամ  ջուրին մէջ աքուաթերափի ըրած է եւ յառաջիկայ շաբաթ երկու անգամ մարզանքով ֆիզիոթերափի ունի: 

Աւօն հիմա դժբախտաբար wheelchair (սայլակով) է, դեռ չի կրնար ոտքերը լման շտկել. բաւական մարզանքի կը կարօտի որպէսզի  մկանները կազմուին եւ կրկին մեր գիտցած առաջուայ Աւօն դառնայ:  Երեք ամիս վերջ նորէն պիտի երթանք Իտալիա, որովհետեւ հոն միայն պէտք է քննութիւնները կատարենք,  եւ վերադառնանք :   


 Անշուշտ դժուար օրեր անցուցիք, յատկապէս  գումար ապահովելու հարցով Աւետիսի բժշկական միջամտութիւնները իրականացնելու: Երբ կը մտածէք այդ դժուար օրերուն մասին, ի՞նչ կ'ուզէք ըսել մեր ընթերցողներուն, մանաւանդ որ «Արեւելք»ը նոյնպէս Աւետիսի մասին գրեց եւ մենք ալ մեր ձեւով փորձեցինք ընթերցողներուն  իրազեկել ընդհանուր կացութեան մասին:


Իրականութեան մէջ նիւթական բաժինը շատ-շատ դժուար էր, երեւակայական գումար մըն էր պահանջուածը, որովհետեւ այն փոխպատուաստումը որուն պիտի ենթարկուէր Աւօն կը կոչուի Haploidentical transplant, այսինքն կէս փոխպատուաստում, որ աւելի վտանգաւոր է եւ նախընտրելի էր որ Իտալիոյ մէջ ըլլայ: Աստուած հրաշքով, այնպիսի  անձեր ղրկեց  ինչպիսին դուք, Սերոբը, եղբայրս կառավարական մարդիկ  եւ լիբանանեան  MTV կայանը  մեր դիմաց դռներ բացաւ եւ այդ գումարը ապահովուեցաւ:  Փառք տիրոջ որ գացինք, ճիշդ է շատ շատ դժուար օրեր անցուցինք, բայց հիմա Լիբանան ենք արդէն, Աւոյին այդ ուրախութիւնը երբ կը տեսնեմ փառք կու տամ Տիրոջը եւ նոյնիսկ փառք կու տամ իւրաքանչիւր  անձի, ամէնէն փոքրէն մինչեւ ամէնէն մեծը, որ գործի լծուեցաւ եւ բոլորին խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ:


-Շատեր կ'ըսեն, որ Լիբանանը այսօր կ'ապրի դժուար օրեր այն իմաստով որ այս հիւանդութիւնը՝ քաղցկեղը տարածուած է տարբեր խաւերու մէջ եւ յատկապէս փոքրերուն մօտ. արդեօք ի՞նչ են պատճառները, ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք, ի՞նչ են ընդհանուր մտահոգութիւնները այդ մասին այսօր Լիբանանի մէջ:


Չենք կրնար հերքել այն իրականութիւնը, թէ  քաղցկեղը Լիբանանի մէջ շատ տարածուած է, բայց միայն Լիբանանի մէջ չէ որ այդպէս է, այլ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ: Իտալիոյ հիւանդանոցը համաշխարհային է. ես հոն տեսայ աշխարհի չորս կողմերէն եկած հազարաւոր պզտիկներ: Չեմ գիտեր, թէ ո՛րն է պատճառը. շատ պատճառներ ու կասկածներ կան: Երբ որոշած էի վերադառնալ, շատեր զիս խրատեցին, որ չառնեմ այդ քայլը, Լիբանանի մէջ ապրիլը դժուար է, հարցերը շատ են, կլիման աղտոտ է: Բայց չէի կրնար չգալ, դժուար էր օտար երկրի մէջ ապրիլ, հեռու՝ ծանօթներէն, ազգականներէն, մանաւանդ որ Աւոյին հոգեկանը կը վատանար, պէտք էր գար, քրոջը, ազգականներուն տեսնելու: Լիբանանը ինծի համար շատ սուղ է, իմ երկրորդ հայրենիքս է, հոս ծնած ու մեծցած եմ: Երազս է, որ Լիբանանի հարցերը լուծուին եւ մենք ուրախ ու խաղաղ ապրինք հոս:  


- Պիտի ուզէինք նաեւ լսել հայկական միջավայրին մասին. արդեօք ձզի օգնեցի՞ն պէյրութահայերը, ձեր շրջանակը օժանդակե՞ց եւ այդ առումով ի՞նչպէս կրնաք նկարագրել ընդհանուր այդ մթնոլորտը, որ գոյացաւ երբ բոլորը իմացան, թէ Աւետիսը վատառողջ է եւ անմիջական օգտնութեան կարիքը ունի:


Երբ առաջին անգամ FB-ի վրայ գրեցի, թէ Աւօն նուիրատուութիւններու պէտք ունի - անշուշտ Սերոբի օգնութեամբ այդ էջը պատրաստեցինք - անմիջապէս լիբանանահայ էջերը կիսեցին լուրը,  ապա ամէն մարդ սկսաւ կիսել եւ կամաց-կամաց մեծցաւ շրջանակը՝ դառնալով  համաշխարհային: Բացի Լիբանանի հայերէն՝ նաեւ աշխարհի հայերն ալ սկսան հետս խօսիլ: Չեմ գիտեր՝ ի՛նչ եղաւ, կարծես հրաշք մըն էր, ամբողջ աշխարհը՝ մօտիկներէն սկսեալ մինչեւ հեռաւոր հայեր, զորս նոյնիսկ չեմ ճանչնար, կողքիս կեցան: Երեսփոխաններ, պատասխանատուներ, եւ ոչ միայն հայեր այլ նաեւ անծանօթ լիբանանցիներ, լիբանանի գեղեցկուհիներ, դերասաններ ճամբայ իջան եւ դրամ հաւաքեցին Աւոյին համար: Մեծ հպարտութիւն զգացի, երբ բժշկուհիս ըսաւ, թէ հայ երեսփոխանները որքա՛ն լաւ են եւ թէ հայերս ինչպէս կրցանք իրականացնել այսպիսի մեծ բան: Պատահածը երազի պէս էր, մեծ հրաշք մը: Շատ ուրախ էի, երբեմն կը կարծես թէ առանձին ես, բայց Աստուած ըսաւ ինծի, որ դեռ մարդկութիւն կայ եւ առանձին չեմ: Օրինակ՝ դուք՝ Արեւելք թերթը, ուրիշ կայքեր, շատ շատեր, չեմ ուզեր անուններ տալ - վախնալով որ յանկարծ մոռնամ մէկը - որովհետեւ թիւը շատ մեծ էր այն բոլոր մարդոց, որոնք օգնեցին ու կողքս եղան: Որքան որ շնորհակալութեան խօսքեր ըսեմ, չեմ կրնար արտայայտել իմ ուրախութիւնս եւ երախտագիտութիւնս, պատահածը մէկ հոգիի գործի արդիւնքը չէր, այլ՝ միասնական  ուժի մը:  


-Որպէս մայր ի՞նչ սրտի խօսք ունիք ըսելիք բոլոր այն մայրերուն, որոնց զաւակները կը տառապին այս ծանր հիւանդութենէն, որ վերջին տարիներուն դարձաւ դարու հիւանդութիւնը եւ մէկէ աւելի առումով դարձած է մտահոգիչ երեւոյթ մը ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ աշխարհի մէջ. արդեօք որեւէ ձեւ կա՞յ չարաբաստիկ հիւանդութենէն փրկուելու:


Իրականութեան մէջ այս իմ երկրորդ փորձառութիւնս է: Աւօն  5,5 տարեկանին ունեցած էր Leukemia (սպիտակարիւնութիւն) եւ բուժուած էր 6 ամիս քիմիոթերափի ստանալով,  անկէ ետք մօտաւորապէս 2-2,5 տարի քննութիւններու կ'ենթարկուէր: Սակայն այս անգամ աւելի ծանր էր ու դժուար,  մանաւանդ որ Աւօն այլեւս  մեծցած էր եւ կը հասկնար: Որպէս այս փորձառութենէն անցած մայր՝ խորհուրդ կու տամ ծնողներուն, որ չյուսահատին, զօրաւոր մնան եւ Աստուծոյ վստահին: Տիրոջ քով անկարելի բան չկայ. ան կրնայ բժշկել, բուժել եւ մէկական հրաշք դարձնել իւրաքանչիւր փոքրիկ, որ իր անմեղ մարմնին մէջ ունի այս չարաղէտ հիւանդութիւնը: Պէտք է միայն Աստուծոյ վստահիլ, մօր եւ կնոջ կարողութենէն վեր է ասիկա, զաւակը մեր տկար կէտն է, բայց Աստուած այդ ոյժը կու տայ: Ես կը հաւատամ հրաշքներուն, կը հաւատամ, որ այսօր այդ հրաշքին դէմ նստած կը դիտեմ զինք: Տէրը բարի գործակիցն է, եւ հրաշքները կը պատահին: