image

«Մեր ունեցած բոլոր օրինական միջոցներով պիտի պայքարինք թրքական ներկայութեան դէմ».Պաշշար Ասատ

«Մեր ունեցած  բոլոր օրինական  միջոցներով  պիտի  պայքարինք  թրքական  ներկայութեան դէմ».Պաշշար Ասատ

«Մեր ունեցած  բոլոր օրինական  միջոցներով  պիտի  պայքարինք  թրքական  ներկայութեան դէմ».  այսօր այսպէս    յայտարարած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը։

Նշենք, որ Ասատ  այս  յայտարարութիւնները   կատարած է    Դամասկոսի  նախագահական  պալատէն ներս՝ ընդունելէ ետք Իրաքի   ազգային անվտանգութեան յանձնակատար ՝ Ֆալէք Ալ Ֆայատը։ 

Սուրիոյ նախագահը  խստիւ դատապարտելէ ետք     թրքական  ուժերու Սուրիոյ ներխուժումը, նաեւ ըսած է, որ     Թուրքիոյ կողմէ     Սուրիա ներխուժումը   արդարացնելու  միտող  բոլոր  վարկածները   ստայօդ են   եւ անոնք ցոյց  կու տան Թուրքիոյ    նենգ  նկրտումները։

Ասատ  աւարտին  նշած է, որ  Սուրիա  վճռած է  բոլոր օրինական  բոլոր միջոցներով  պայքարիլ    Սուրիայէն ներս  թրքական ներկայութեան,  ինչպէս նաեւ  Անգարայի կողմէ հովանաւորուած    ահաբեկիչներուն դէմ։

 

Լուրը  քաղուած է Սուրիոյ նախագահութեան  Telegram-ի պաշտօնական էջէն։