image

Հրատապ. Սուրիոյ մէջ հրադադար յայտարարուեցաւ

Հրատապ.  Սուրիոյ   մէջ  հրադադար յայտարարուեցաւ

 Քիչ առաջ Սուրիոյ   հիւսիսային շրջաններուն մէջ հրադադար յայտարարուած է։ 

Այս մասին լուրը հաղորդեց «Ալ Արապիա» կայանը, նշելով, որ հրադադարի  մասին  լուրը հաստատած է ԱՄՆ փոխ նախագահ Մայք  Փէնսը։ 

Կը  նշուի նաեւ, որ հրադադարի  մասին իր առաջին  արձագանգը տուած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբը, որ թուիթըրեան  գրառում մը կատարելով  ըսած է, թէ հրադադարի շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ փրկել հազարաւոր մարդոց կեանքը։

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ փոխ նախագահ Մայք Փէնս գլխաւորելով ամերիկացի պատասխանատուներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը  ժամանած էր Անգարա եւ կարեւոր բանակցութիւններ կատարած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին հետ։