Ցուցարարներ այս պահուն կը փորձեն ներխուժել Լիբանանի Պաապտայի նախագահական պալատ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ-Ժատիտ» կայանը:
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ ապահովական մարմիններ բոլոր միջոցները ի գործ կը դնեն պահպանելու համար նախագահական պալատը:
Յիշեցնենք, որ երէկուընէ ի վեր ամբողջ Լիբանանի տարածքով մէկ տեղի կ'ունենան ցոյցեր: Ցուցարարները կը պահանջեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ անոր կառավարութեան հրաժարականը: