Լարուած իրավիճակ կը տիրէ Պէյրութի արուարձաններէն համարուող Ժալ Ալ Տիպ շրջանին մէջ։
Այս մասին լուրը հաղորդեց Lebanon 24 կայքը, որ նաեւ նշեց, որ կրակոցներուն հետեւանքով ինկած են վիրաւորներ։
Տեսանիւթերուն մէջ երեւելի կը դառնայ, որ քաղաքացիական զգեստով անձեր կրակ կը բանան բողոքարարներուն վրայ եւ ապա բանակի զինուորներ կը յաջողին ձերբակալել կրակ բացողը։
Ուշագրաւ է, որ խաղաղ ցոյցերու ընդհանուր ընթացքէն ետք անցնող ժամերուն բողոքարարներ կը դիմեն զէնքի օգտագործման, բան մը որ իրավիճակը կրնայ աւելիով սրել Պէյրութի կեդրոնական շրջաններուն մէջ։