image

Ամերիկացի գործիչը Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը Սենաթի առջեւ քննարկելէ

Ամերիկացի գործիչը Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը Սենաթի առջեւ քննարկելէ

Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրեհըմ արգելափակած է Ծերակոյտին կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը, կը հաղորդէ News.am-ը:

«Ես նոր հանդիպեցայ Էրտողանի եւ նախագահ Թրամբի հետ եւ խօսեցայ խնդիրներու մասին, որոնց դէմ հանդիման կը գտնուինք Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ներխուժման պատճառով: Ես յոյս ունիմ, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը կրնան միասին լուծել այդ խնդիրը»,- ըսած է Կրեհըմ Ծերակոյտին` հեռուստատեսութեամբ հեռարձակուող նիստի ժամանակ:  Կրեհըմ, որ կը համարուի Թրամբի մօտ դաշնակիցը, աւելցուցած է, որ ծերակուտականները «պէտք չէ ոչ գունազարդեն, ոչ ալ նորէն գրեն պատմութիւնը»:

Քոնկրէսի վերին պալատի օրէնսդրութեան համաձայն՝ ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը կրնայ կասեցնել օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը:

Նիստի ժամանակ բանաձեւը առաջարկած է ընդունիլ Սենաթի միջազգային յարաբերութիւններու կոմիտէի դեմոկրատ անդամ Ռոպերթ Մենընտըսը:

«ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է ազնուօրէն արտացոլէ մարդու իրաւունքներու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու խախտումները, ինչպէս նաեւ էթնիք զտումներն ու ցեղասպանութիւնը»,- յայտարարած է Մենընտըսը: