image

«Լիբանանցիներու պայքարը, ոչ ԱՄՆ-ին, ոչ ալ Իրանին դէմ է, այլ երկիրը կործանող ղեկավարներուն».Դոկտ. Արմէն Իւռնէշլեան

«Լիբանանցիներու պայքարը,  ոչ ԱՄՆ-ին, ոչ ալ Իրանին   դէմ է, այլ երկիրը  կործանող ղեկավարներուն».Դոկտ. Արմէն Իւռնէշլեան

«Արեւելք»-ի հարցումներուն կը պատասխանէ  Հայ Աւետարանական  Գոլէճի (Պէյրութ քաղաքի  մասնաճիւղ) տնօրէն եւ հասարակական գործիչ` Դոկտ. Արմէն Իւռնէշլեան:

 

-Շուրջ   50 օրէ ի վեր ընթացող այս ցոյցերը, բողոքի ալիքը ինչի՞ կրնան յանգեցնել, դուք անձնապէս դրական ակնկալիքներ ունի՞ք այս շարժումէն:


Լիբանանի ժողովրդական ապստամբութիւնը աննախընթաց է իր բնոյթով եւ տարողութեամբ։ Այդ առումով դրական երեւոյթ է։ Ամէն դրական երեւոյթ չի կրնար չունենալ դրական հետեւանք՝ գէթ մասամբ։ Ամենալաւ արդիւնքը լիբանանցի երիտասարդութեան կարեւոր մէկ մասին կողմէ դրսեւորուող զուտ լիբանանանցիական մօտեցումն է երկրի հարցերուն, առանց դաւանանքային եւ կուսակցական նկատառումներու։ Հետեւաբար, ապստամբութիւնը ինչի՛ ալ յանգեցնէ, դրական ազդեցութիւն անպաման պիտի ձգէ։

 

-Շատեր կ'ըսեն, որ այս ցուցարարներու ետին կան մութ ձեռքեր, որոնք նպատակ ունին ճնշումի ենթարկել Լիբանանը եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ իրանեան թեւի ներկայացուցիչները, ի՞նչ կարծիք ունիք այդ առումով:


Քաղաքագէտ չեմ, սակայն կ՚ենթադրեմ, որ շատեր (ներքին թէ արտաքին ուժեր) պիտի փորձեն պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ եւ քաղաքական հաշուեյարդարներ կատարել անկեղծ պոռթկումով սկսած ապստամբութեան մէջ։ Ամէն ապստամբութիւն կամ յեղափոխութիւն ունի իր պատճառը, որ այս պարագային տասնամեակներ շարունակ ժողովուրդին մեծ մասին դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններնեն։ Տնտեսական տագնապին պատճառը ո՛չ Իրանն է, ոչ ալ՝ ԱՄՆ-ը։ Երկրին տնտեսութիւնը կործանողները նախկին եւ ներկայ իշխանաւորներուն մեծամասնութիւնն է։ Լիբանանցիին պայքարը անոնց դէմ է։

 

-Այս դէպքերու սկիզբէն ի վեր, որեւէ պարագայի տակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վերյուշը ապրեցա՞ք եւ մտավախութիւններ ունի՞ք, որ այդ պատերազմը կրնայ կրկնուիլ:


Քաղաքացիական պատերազմի վախ չկայ։ Կրնան մանր բախումներ ըլլալ (եղան ալ), բայց ոչ՝ պատերազմ։ Վախը կու գայ մոլեռանդ եւ կոյր ու տգէտ կուսակցականներէ, բոլոր կողմերէն։ Հետեւաբար ինքնաբերաբար պատերազմ չի ծագիր, բացի եթէ հրահրուի նոյնինքն լիբանանեան կուսակցութիւններու կողմէ։ Պատերազմը անհաւանական զարգացում կը թուի ինծի։

 

-Ի՞նչ կը մտածէ լիբանանահայ համայնքի ղեկավարութիւնը, ի՞նչ են այսօր համայնքին առջեւ եղող գլխաւոր մարտահրաւէրները, որեւէ ծրագիրներ կա՞ն համայնքի անվտանգ պահելու առումով:


Լիբանանահայը ոչ-հայ լիբանանցիէն տարբեր չէ այս կացութեան մէջ։ Ինչ որ արաբին վիճակուած է, նոյնն ալ՝ հայուն։ Ուստի, կը կարծեմ, որ լիբանանահայ քաղաքական ղեկավարները, եթէ որեւէ քայլ պիտի ձեռնարկեն, պէտք է նկատի առնեն ամբողջ Լիբանանը։ Հայութիւնը լիբանանեան ընդհանուր պարունակէն առանձնացնելը, այս պարագային, ժխտական հետեւանք կը ձգէ գաղութին վրայ։

 

-Բողոքի ալիքներէն ետք շատեր կ'ըսեն, որ գաղութը կրնայ պարպուիլ եւ մանաւանդ հայ երիտասարդութիւնը կրնայ հեռանալ Լիբանանէն, ի՞նչ է ձեր տեսակէտը:


Կան մարդիկ, որոնք եթէ 2 անգամ կը մտածէին գաղթելու մասին, հիմա աւելի լրջօրէն կը ծրագրեն։ Կան նաեւ Հայաստան գաղթողներ։ Սակայն, առայժմ զանգուածային ոչ մէկ շարժում կայ։ Սակայն եթէ այս ամբողջ շարժումէն ետք ոչինչ փոխուի եւ «լեռան երկունքէն մուկ ծնի», նոյն վարկաբեկուած մարդիկ շարունակեն նոյն ձեւով ղեկավարել երկիրը, ապա այդ ժամանակ է, որ շատ-շատեր յուսահատած՝ պիտի մտածեն Լիբանանը ձգելու մասին։