image

ԱՄՆ Հայ Դատի մարմնէն նոր պահանջ. Դադրեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուած առեւտրային դիւրութիւնները

ԱՄՆ Հայ Դատի մարմնէն  նոր պահանջ. Դադրեցնել Ատրպէյճանին  տրամադրուած առեւտրային  դիւրութիւնները

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCA) գրասենեակը յայտարարարութիւն մը տարածած է՝ շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պէտք է վերջ տան Ատրպէյճանի նկատմամբ նպաստաւոր առեւտրական վերաբերմունքին:

Ինչպէս կը գրէ Asbarez-ը, յայտարարութիւնը ուղղուած է առեւտրական հարցերու ներկայացուցչութեան, որուն գործունէութեան ոլորտին մէջ ներառուած են ամերիկեան առեւտրական օրէնսդրութեան մշակումը, առեւտրական համաձայնագիրներու կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ արտաքին առեւտրական քաղաքականութեան համակարգումը: Կը նշուի, որ յառաջիկայ տարուան 17 Յունուարին պիտի սկսին Ատրպէյճանի նկատմամբ քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու քննարկումները։

Ներկայիս Ատրպէյճան մաս կը կազմէ այն 119 երկիրներուն, որոնք դէպի Միացեալ Նահանգներ հազարաւոր արտածումներ կրնան կատարել առանց հարկեր վճառելու։ Այդ երկիրներուն շարքին են նաեւ Հայաստան եւ Վրաստան:

Իշխանութիւններուն յղուած նամակին մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական գործերու տնօրէն Թերեզա Երիմեան մանրամասնեց, թէ ինչո՛ւ Ամերիկա պէտք է վերանայի Ատրպէյճանի նկատմամբ նպաստաւոր առեւտրական վերաբերմունքը. ստորեւ՝ քանի մը պատճառներ.

– Հայաստանը շրջափակելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համաձայնութիւնը.

– Ատրպէյճանի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արդարացումը եւ հերոսացումը.

– Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ազգայնամոլ քաղաքականութեան դրսեւորումը եւ հայերուն այցագիրեր չտրամադրելը։