Քիչ առաջ Պոլսոյ մէջ ընթացք առաւ Պատրիարքական ընտրութեան մասնակցութիւն բերող պատգամաւորներու ընտրութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։
Կը նշուի, որ 30 եկեղեցիներու մօտ տեղադրուած քուէասնտուկներու ճամբով պոլսահայութիւնն այսօր պիտի ընտրէ 102 պատգամաւորներ։
Պոլսէն բացի ընտրութեան մասնակից պիտի դառնայ Տիարպէքիրի (Տիգրանակերտ) Կեսարիոյ, Աղէքսանտրէթի, Հաթայի եւ Մուսա Լերան՝ Վաքըֆլը գիւղի հայորդիները։
Նախնական տուեալներով այս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին շուրջ 30 հազար հայեր, մինչ ընտրելու իրաւունք ունին 55 հազար հայեր։
Լուսանկարները առնուած են այս առաւօտ Պոլսոյ Պատրիարքութեան կից գտնուող Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մօտ տեղադրուած քուէարկութեան կեդրոնէն։
Այս կեդրոնին մէջ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն թիւն է՝ 91 եւ անոնք պիտի ընտրեն 3 պատգամաւորներ։