image

Հարիւրաւոր հայորդիներ կը մասնակցին Ֆերիքէոյի մէջ ընթացող պատգամաւորներու ընտրութիւններուն (Լուսանկարներ)

Հարիւրաւոր հայորդիներ կը մասնակցին Ֆերիքէոյի մէջ ընթացող պատգամաւորներու ընտրութիւններուն (Լուսանկարներ)

Այս առաւօտ Պոլսոյ մէջ ընթացք առած պատգամաւորական ընտրութիւնները կը շարունակուին մեծ թափով: Այս մասին կը յայտնէ Պոլիս գտնուող «Արեւելք»ի թղթակիցը:

Մեր լրագրողը քիչ առաջ այցելած է Պոլսոյ Ֆերի Գոյ թաղամաս եւ ներկայ եղած է ընտրութիւններու գործընթացին:

Անոր հաղորդմամբ, մեծ թիւով պոլսահայեր այս պահուն կը մասնակցին Ֆերիքօյի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կից ընտրական կեդրոնին մէջ ընթացող ընտրութիւններուն եւ քուէարկողներու մեծ թիւ ըլլալու հետեւանքով Ս. վարդանանց եկեղեցւոյ շուրջը եւ շրջապատը խցանում ստեղծուած է:

Յիշեցնենք, որ այսօր Պոլիսը պիտի ընտրէ 102 քաղաքացիական պատգամաւորներ, որոնք չորեքշաբթի՝ 11 դեկտեմբերին Գում Գաբուի պատրիարքարանի սրահին մէջ պիտի մասնակցին Պոլսոյ 85-րդ Պատրիրաքի ընտրութեան մեծ ժողովին:

Մեր լրագրողը նաեւ կը հաղորդէ, որ Ֆերիքէօյ կը համարուի Պոլսոյ ընտրութիւններու մասնակցող շրջաններու մեծագոյնը եւ այնտեղ քուէարկելու իրաւունք ունին շուրջ 30000 հայեր, որոնք պիտի ընտրեն 22 պատգամաւորներ: