image

Պոլսոյ ընտրութիւններ. Նախնական տուեալներով Սահակ Սրբազանի պատգամաւորները առաջատար

Պոլսոյ  ընտրութիւններ. Նախնական  տուեալներով Սահակ  Սրբազանի    պատգամաւորները  առաջատար

Պոլսոյ մէջ ամբողջ  օրն  ընթացած  ընտրութիւնները  հասած են իրենց լրումին  եւ այս պահուն  տեղի  կ՚ունենայ քուէներու հաշուառում։

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պոլիս  գտնուող իր թղթակիցէն։

Այսպէս  եւ մինչեւ այս պահը  տեղի  ունեցած   հաշուառումներուն համաձայն  Սահակ  Սրբազանի  կողմնակից պատգամաւորներու թիւը  հասած է 25-ի, իսկ Արամ Սրբազանի   աջակից  պատգամաւորներու  թիւը՝   8-ի։

Կը նշուի  նաեւ, որ Սահակ  սրբազանի   կողմնակից    պատգամաւորները երեւելի առաւելութիւն  գրանցած են  Գնալը Ատայի, Օրթագէօյի եւ Եէնիգէօյի     մէջ։

Այս պահուն  հաշուառուած       շրջաններու  քուէներուն համաձայն    արդէն իսկ ընտրուած են 33    պատգամաւորներ   ու   վճռորոշ     դեր պիտի  ունենան   Պոլսոյ  մեծ   շրջանները, ինչպիսին է՝ պարագան Ֆէրիգէօյ   շրջանին, ուր պէտք է  ընտրուին  22   պատգամաւորներ։