image

Ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ Տէր Սահակ Եպս. Մաշալեան ընտրուեցաւ Պոլսոյ պատրիարք

Ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ Տէր Սահակ Եպս. Մաշալեան ընտրուեցաւ Պոլսոյ պատրիարք

Քիչ առաջ, Գում Գաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն բարձրացաւ սպիտակ ծուխը: Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց Պոլիս գտնուող մեր թղթակիցը:

Մեր թղթակիցը նաեւ նշեց, որ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ, Տէր Սահակ Եպս. Մաշալեան ընտրուեցաւ Պոլսոյ պատրիարք:

Նշենք նաեւ, որ Սահակ Եպս. Մաշալեանի օգտին քուէարկած են՝ 102, իսկ Արամ Արք. Աթէշեանի օգտին քուէարկած են 16 պատգամաւորներ, իսկ մէկ քուէ՝ անվաւեր:

Յիշեցնենք, որ տասը տարի թափուր մնալէ ետք, Պոլսոյ պատմական աթոռը ունեցաւ իր գահակալը եւ Սահակ Եպս. Մաշալեան դարձաւ Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքը: