image

Փոխեցէք ձեր գաղտնաբառերը. Սամուէլ Մարտիրոսեան

Փոխեցէք ձեր գաղտնաբառերը. Սամուէլ Մարտիրոսեան

Տեղեկատուական անվտանգութեան փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանը ֆեյսբուքեան իր էջին գրած  է.

«Յարգելի հայրենակիցներ, կու գայ 20 յունուարը։ Այս օրը ատրպէյճանական հաքըրները (ցանցահէններ) սովորաբար կը փորձեն համացանցային֊տիրոյթէն ներս վնաս տալ հայերուն։ Կը փորձեն կայքեր կոտրել։ Բայց վերջերս հիմնական ընկերային ցանցային հաշիւներ եւ ելեկտրոնային փոսթեր կը տանին հազարներով։ Նման քանակ հաւաքելու համար իրենց պէտք է այն ընել երկար ժամանակ, հաւաքել կոտրած հաշիւները։

Եթէ դուք անուշադիր մարդ էք, ապա, հնարաւոր է, որ ձեզ արդէն կոտրել են։ Շատ երկար խորհուրդներ չտամ, պարզ մէկ բան ըսեմ։ «Շառէն» հեռու մէկ հատ մտէք ձեր ելեկտրոնային փոսթի, ֆեյսպուքի, ինսթակրամի գաղտնաբառերը փոխեցէք։ Եթէ արդէն կոտրուած էիք, այս հարցը դուրս կու գայ։ Ու, կարեւոր է․ ոչ մէկ նամակ ձեր մեյլէն ու ֆեյսպուք֊ինսթակրամէն ստանալով լուրջ մի ընդունիք, եթէ ձեզի առաջարկեն ինչ֊որ յղումով բան ընել։

Որպէս պոնուս, հաքըրները (ցանցահէններ) կ'ըլլան երեք տեսակ․ լաւ, որոնք ուրիշներուն կ'օգնեն։ Անոնց կը կոչեն սպիտակ գլխարկ։ Իսկ վատերը֊ սեւ գլխարկ։ Կայ միջին տարբերակ, անոնց մոխրագոյն գլխարկ կ'ըսեն։ Ու հիմա լեզուի դաս․ ատրպէյճաներէն այս ամէնը․

“Qara kepkalılar” (Սեւ գլխարկներ)
“Ağ kepkalılar” (Սպիտակ գլխարկներ)
“Boz kepkalılar” (ա թո եսիմ է )»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: