image

Պէյրութի մէջ դարձեալ ցոյցեր.Սակայն անձրեւը փրկեց կացութիւնը

Պէյրութի  մէջ  դարձեալ  ցոյցեր.Սակայն անձրեւը փրկեց կացութիւնը

Այսօր հերթականին  պէս   հարիւրաւոր ցուցարարներ, որոնք  յետմիջօրէի  ժամերէն սկսեալ     Պէյրութի  կեդրոնական   շրջաններ    հասան,   բախումներ  ունեցան  լիբանանեան  բանակի  զինուորներուն հետ։

Ցուցարարները,  որոնց  կարեւոր մէկ մասը հանդէս  եկաւ խուլիկանական  արարքներով     ջարդեց  եւ կոտրեց      կեդրոնական շրջաններուն   մէջ գտնուող  տասնեակ   վաճառատուներ։   Ի դէպ  ընկերային  ցանցերու  վրայ տեղեկութիւններ կը տարածուին, ըստ որոնց  ցուցարարներու  հիմնական  նպատակն է     ներխուժել  երկրի  խորհրդարանի   շէնքը։

Երեւելի  է նաեւ, որ այսօր  ՆԳՆ-ի    միաւորներուն կողքին   Պէյրութ հասած են լիբանանեան  բանակի  ստորաբաժանումներ,   վերհսկողութեան տակ  առնելու համար  մայրաքաղաքը։

Ըստ  «Ալ Ժատիտ»  կայանին,    համեմատելով  երէկուան իրադրութեան, այսօր   դրութիւնը աւելի  տանելի է եւ այդ մէկը կը վերագրուի կլիմայական   վատ պայմաններուն  (այսօր   սաստիկ անձրեւ  էր Պէյրութի մէջ)  ինչպէս նաեւ   բանակային ուժերու ներկայութիւնը, որոնք   կը վայելեն  նաեւ  ցուցարարներուն  վստահութիւնն ու յարգանքը։

Ի դէպ  եւ հակառակ  վերջին օրերուն լսելի դարձած    խոստումներուն, մինչեւ այս պահը     վարչապետ Հասսան Տիապ չկարողացաւ   յաջողցնել նոր կառավարութեան  կազմութիւնը։