image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ երկրաշարժ. Այն զգացուած է նաեւ Հալէպի մէջ

Սուրիոյ մէջ երկրաշարժ. Այն զգացուած է նաեւ Հալէպի մէջ

«Արեւելք»ի ունեցած տուեալներով, Սուրիոյ մէջ քիչ առաջ զգալի դարձած է երկրաշարժ մը: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Հալէպէն:

Մեր ունեցած տուեալներու հիման վրայ, Հալէպ քաղաքին, նաեւ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ մեծապէս զգալի դարձած է երկրաշարժի ցնցումը:

Մինչեւ այս պահը նիւթական վնասներու մասին տուեալներ չեն հաղորդուիր:

Պիտի շարունակենք հետեւիլ լրահոսին: