Թուրքիան հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 20-ի եւ այն կրնայ բարձրանալ։
Այս մասին լրատւութիւնը կատարեց թրքական «Տէյլի սապահ»ը նշելով նաեւ, որ Էլազըղը հարուածած երկրաշարժի ուժգնութիւնը 6.8 ռիխթըր աստիճանի է։
Կը նշուի նաեւ, որ երկրաշարժին հետեւանքով փլուզուած է առնուազն չորս շէնքեր, որոնց մէջ եղող բնակիչներէն շատ-շատերը մինչեւ այս պահը կը համարուին կորսուածներու շարքին։
Նախնական տուեալներով, երկրաշարժին զոհ գացածներուն թիւը հասած է 20 -ի, իսկ 30 ուրիշներ կը համարուին կորսուածներ։
Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» աւելի վաղ գրած էր, եղելութեան մասին, յայտնելով , որ երկրաշարժին ցնցումը զգացուած Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ։