image
Հրատապ լուրեր:

Բժիշկները կը պայքարին լիբանանահայ երիտասարդի կեանքին համար. Նախարար Տօնոյեան յայտարարութիւն կատարեց

Բժիշկները կը պայքարին լիբանանահայ երիտասարդի կեանքին համար. Նախարար Տօնոյեան յայտարարութիւն կատարեց

Երէկ ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ հրազէնային վիրաւորում ստացած զինծառայողներէն մէկը՝ 2001-ի ծնունդ Հենրի-Հայկ Սիմոնի Զաքարեանը, որ ինքն իրեն կրակած էր, կեանքի հետ անհամատեղելի վիրաւորում ունի, բայց բժիշկներն ամէն ինչ կ'ընեն, որպէսզի փրկեն անոր կեանքը։ Այս մասին այսօր լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը։

Նախարարը նշած է, որ զինծառայողները շուտով պիտի տեղափոխեն Երեւան։ Ան յայտնած է, որ միւս զինծառայողի՝ Արմէն Ճոնիկի Մեսրոպեանի վիրաւորումը թեթեւ  է։

Հարցին, թէ վիրաւորումը միջանձային վէճի պատճառո՞վ եղած է՝ Տօնոյեանը պատասխանած է, որ նախաքննութեան հետեւանքով պարզ կը դառնայ. հիմա որեւէ բան ըսել չուզեր։ «Կը պատահին նման դէպքեր, ուղղակի որոշակի վերահսկողութենէ դուրս եղած է»։

Յիշեցնենք, որ Արցախի ՊԲ  հիւսիային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, հրազէնային վիրաւորում ստացած են ՊԲ զինծառայողներ, 2001-ի ծնունդ Հենրի-Հայկ Սիմոնի Զաքարեանը եւ 2000-ի ծնունդ Արմէն Ճոնիքի Մեսրոպեանը: 

Հրազէնային վիրաւորումներ ստանալու դէպքի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ։