image

«Սատկէ՛ հայու սերմ...» Թուրքիոյ քաղաքացիին գրառումը. Փախստականի համար հնարք կամ ատելութիւն

«Սատկէ՛  հայու սերմ...» Թուրքիոյ քաղաքացիին գրառումը. Փախստականի համար հնարք կամ  ատելութիւն

Թուրքիոյ  Թունճէլի   շրջանի Փերթէք  գաւառակին մէջ  հայերու դէմ ատելավառ    խօսքեր արտայայտութեան հերթական դէպք մը գրանցուած է։

Այս     մասին  տեղեկութիւնը  կը հաղորդէ  Պոլսոյ մեր պաշտօնակից  «ԺԱՄԱՆԱԿ»ը   նշելով, որ  Եուրտալ Տաշ անունով  թուրք  քաղաքացի մը, իր հարեւանի  տան  վրայ կարմիր ներկ  օգտագործելով  գրած   է ՝ «Սատկիր հայու   սերմ» եւ   դռան մօտ   գտնուած է Քալաշնիքով  գնդացիր մը փամփուշտը։

Աւելի   ուշ եւ համաձայն   հարեւաններու բողոքին    ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն  կատարած է եւ  յայտնաբերած       դէպքին բեմականացուած ըլլալը։

«ԺԱՄԱՆԱԿ» նաեւ կը հաղորդէ, որ  ըստ ոստիկանութեան կատարած  հետաքննութեան, պարզ եղած է, որ այս արարքը   կատարուած է  Քումրու Աքայայաի   որդւոյն   դրդումով,  բացայայտելով, որ Թուրքիայէն խոյս տուած եւ  Գերմանիա    ապաստանած   Աքայայաի   Տաշէն  խնդրած է  այս քայլին դիմել,  իր   Գերմանիա  կեցութիւնը   օրինականացնելու  համար։

Աքայայաի  ինքնութեան մասին     յստակ տուեալներ չկան, իսկ   այս դատապարտելի եւ ատելութեան ֆոնին վրայ    գրառումը կատարած  Եուրտալ Տաշ , որպէս մեղադրեալ  կը  գտնուի  ոստիկանութեան   մօտ։