image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ ահաբեկչութիւն Թայլանտի մէջ. Կան 20-է աւելի զոհեր

Մեծ  ահաբեկչութիւն  Թայլանտի մէջ. Կան  20-է աւելի զոհեր

Արտակարգ  իրավիճակ  ստեղծուած է   Թայլանտի  Հիւսիս-արեւելեան    շրջանին մէջ։ 

 Այս մասին լուրը կը   հաղորդէ    «Ալ Արապիյա»  կայանը  նշելով նաեւ, որ  զինեալ  տարր մը, որ աւելի ուշ  պարզուած է անոր բանակային զինուոր մը ըլլալը,      կրակ  բացած է  փողոցը  գտնուող անցորդներու  ուղղութեամբ     սպաննելով  20 անձեր։

 

   Աւելի ուշ զինեալը մուտք  գործած է     Նախուն-Ռաթչասինա    քաղաքի     Terminal  21    կոչուած   առեւտրական    կեդրոնը  եւ  շարունակած է կրակահերթը  այնտեղ  եւս սպաննելով   2  անձեր։

 

  Դէպքին  զուգահեռ Թայլանտի ապահովական մարմիններ   մեծ ճիգեր  գործի  դնելով    փրկած են       առեւտրական    կեդրոնին մէջ գտնուող  հարիւրաւոր քաղաքացիները։

 

  Նշենք, որ   մինչեւ այս  լուրին  հրապարակուիլը    բանակի  զինուորը  կը  շարունակէ   ազատօրէն  շրջագայիլ    «Մոլ»ին   մէջ եւ ոստիկանութեան մօտիկ  կանգնող    աղբիւր մը  յայտարարած է, որ չի բացառուիր, որ   կրակ բացող  ոճրագործը   հոգեկան խնդիրներ ունի։

 

 

 Թայլանտի Նախուն-Ռաթչասինա   շրջանին մէջ կը տիրէ    վախի   մթնոլորտ։