Սուրիական Էնճար (Հալէպէն 20 քմ հեռաւորութեամբ) բնակավայրի մօտակայքը սուրիացի զինուորականներն իրական ստորգետնեայ քաղաք յայտնաբերած են:
Ինչպէս կը ներկայացնէ iz.ru-ն, դարպասներէն միւս կողմ իրական փողոցներ կառուցուած են, իսկ ամէն մէկ սենեակը, կարծես, փոքր տուն ըլլայ: Մասնագէտներու խօսքով՝ այս թաքստոցը գրոհայինները մէկ օրուան մէջ չեն կառուցած, սակայն լքած են այն մէկ ակնաթարթի մէջ գիտնալով, որ սուրիացի զինուորականները կը մօտենան:
Ստորգետնեայ հսկայական տարածքին մէջ զրահապատ սարքերու վերանորոգման յատուկ կեդրոն յայտնաբերուած է, ինչպէս նաեւ զինամթերք արտադրող գործարան, հիւանդանոց եւ զօրամաս:
Զինծառայողները յայտնաբերած են նաեւ այն սենեակը, ուրկէ ռազմատենչ կոչեր կ'ընէր խմբաւորման ղեկավարներէն մէկը՝ Ապու Մուհամատ ալ-Ճուլանին: Թաքստոցէն դուրս բերուած զէնքը տեղափոխած են մօտակայ հրապարակ: Անոնց մէջ կան ամերիկեան հրթիռային սարքաւորումներ, ֆրանսական ռատիոկայաններ, իտալական հակակազեր եւ չեխական փամփուշտներ:
Նշուած է, որ էնճարի մէջ տեղակայուած եղած է «Ճեպհաթ ալ-Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման կեդրոնատեղիներէն մէկը:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել